Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Գերիները Փոխանակելու, Եթէ Միջազգային Կառոյցներուն Հետ Հարցը Քննարկուի
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ քննարկելու Հայաստանի մէջ գտնուող ազրպէյճանցի ռազմագերի Ֆիրուզ Ֆարաճովը Ազրպէյճանին վերադարձնելու հարցը:
Ազրպէյճանցի զինուոր Ֆարաճով գերի ինկած էր նախորդ տարուան 26 յուլիսին: Հայկական կողմը կը պնդէ, որ ան հատած էր հայ-ազրպէյճանական սահմանը եւ ինքնակամ յանձնուած էր: Նախանցեալ օր պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Տոնոյեան Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակ Տրականա Ռանքովիչի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած էր, որ Ֆիրուզ Ֆարաճով փոխած է իր մտադրութիւնը եւ Ազրպէյճան վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած: Գերին նաեւ շուտափոյթ հանդիպում խնդրած է Հայաստանի մէջ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ուստի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անկողմնակալ կազմակերպութիւններուն, մասնաւորաբար` Կարմին խաչին հրաւիրած է հանդիպելու Ֆարաճովի հետ: Նշենք, որ արդէն շաբաթէ մը ի վեր Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած է հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեան, որուն Կարմիր խաչի Պաքուի գրասենեակը շաբաթէ մը ի վեր չի կրնար հանդիպիլ` Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն արտօնութիւն չունենալուն պատճառով:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք հայկական կողմը պատրա՞ստ է փոխանակում կատարելու ազրպէյճանցի գերիին եւ Ինջիղուլեանի միջեւ, Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ ասիկա համապատասխան հարցերու քննարկման խնդիր է: Ըստ անոր, եթէ ատիկա միջազգային կառոյցներուն հետ քննարկուի, անշուշտ Հայաստան պատրաստ է` Կարմիր խաչի, մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող կազմակերպութիւններուն հետ: Հայկական կողմը իրաւական բոլոր հիմքերով որեւէ գնով պատրաստ է վերադարձնելու իր քաղաքացին: «Մեր մօտ գտնուող զինուորին իր կամքին համաձայն տալ, եւ մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որ մեր զինուորը բերենք»:
Տրականա Ռանքովիչ Դաւիթ Տոնոյեանին տեղեկացուց, որ ստացուած տեղեկութեան համաձայն, Պաքուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակը վստահ է, որ շուտով յայտնի կը դառնայ Յակոբ Ինջիղուլեանի հետ անոնց հանդիպման ժամկէտը:
Յովակիմեանի Հանդիպումը
Ռանքովիչի Հետ
Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան հանդիպում ունեցաւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Տրականա Ռանքովիչի հետ` 8 օգոստոսին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի գծով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան կատարած աշխատանքներուն վերաբերեալ պարզաբանումներ ստանալու նպատակով:
Փոխնախարար Յովակիմեան կոչ ուղղեց Կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան հարցին առնչութեամբ գործադրելու աւելի աշխուժ միջնորդական ջանքեր` կարեւոր նկատելով Պաքուի մէջ կոմիտէի պատուիրակութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը:
Իր կարգին, Ռանքովիչ յայտնեց, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան կողմէ կազմակերպութեան իրաւագիրի շրջագիծին մէջ կը կատարուին անհրաժեշտ քայլեր` Պաքուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն կողմէ հայ զինուորին այցելելու արտօնութիւն ստանալու նպատակով: