Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ծանօթացաւ Հանրապետական Հիւանդանոցի Շինարարական Աշխատանքներու Ընթացքին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող հանրապետական հիւանդանոցի նոր մասնաշէնքին շինարարական հրապարակ եւ այնտեղ ծանօթացաւ կատարուող աշխատանքներու ընթացքին:

Երկրին ղեկավարը նշեց, որ կենսական նշանակութիւն ունեցող առողջապահական այս հաստատութեան շինարարութիւնը կը գտնուի եզրափակիչ հանգրուանին մէջ, զոր նոյնպէս պէտք է աւարտին հասցնել` պահպանելով նշուած ժամկէտներն ու աշխատանքներու բարձր որակը:

Այցելութեան ընթացքին նախագահին կ՛ուղեկցէին Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, առողջապահութեան նախարար Զոյա Լազարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )