Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պատրաստ եղէք օգնելու անձի մը, որ վստահութիւն կը ներշնչէ ձեզի: Միասնաբար պիտի կարենաք յաջող գործունէութիւն ունենալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի փորձէք հասկնալ ձեր խօսակիցներուն միտքը` առանց զանոնք դատելու: Լաւ եւ օգտակար վերաբերում է այս:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ջանացէք ձեր կարծիքը չպարտադրել ուրիշներուն: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր տեսակէտը եւ իր դատելու, տրամաբանելու եղանակը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրը եկած է սկսելու սննդականոնի մը: Կերէք թեթեւ ուտելիքներ, մասնաւորաբար` տեսակաւոր: Այլազան պէտք է ըլլայ ձեր կերածը, ոչ` նոյնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը պիտի անցնի սիրոյ եւ վիպային մթնոլորտի մէջ: Հմայելու եւ արտայայտուելու օրն է: Ձեր շուրջը սէր կը յորդի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանեկան միացում մը ունիք նոյն սեղանին շուրջ: Իրարու հետ պիտի ուրախանաք` բաժանումէ ետք միանալով ցնծութեամբ: Օրը յաջող է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Քալեցէք, դուրս ելէք դէպի բնութիւն եւ գեղատեսիլ վայրեր: Նստած մի՛ մնաք: Գացէք ձեր նախընտրած վայրերը, կ՛օգտուիք, կ՛ուրախանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր վեհանձնութիւնը պիտի դիւրացնէ օրուան հարցերը լուծելու: Օրինակ պիտի ըլլաք ուրիշներու: Նոյն տրամադրութեամբ մնացէք, կը սիրուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք լաւ առիթ մը` բարելաւելու ձեր ներքին եւ արտաքին սովորութիւնը, վերաբերումը: Ձգտեցէք դէպի կատարելութիւն, ինչ որ կրնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ունիք որոշ գաղափար մը` հարցի մը շուրջ: Բացատրութիւն տուէք, որպէսզի առաւել ընդունելի ըլլայ ձեր շրջապատէն: Կը յաջողիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Խմբական պտոյտ մը պիտի ունենաք բարեկամներով կամ գործակիցներով: Ձեր ամառնային օրերէն սքանչելի օր մը պիտի ըլլայ այս: Հաճելի է օրը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շրջանակին մէջ ունիք ձեր յատուկ տեղը: Թոյլ մի՛ տաք, որ ուրիշներ խանգարեն ձեր ինքնավստահութիւնը: Ցոյց տուէք ձեր յատկանիշները: