50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1963)

Ս. Աստուածածնայ Տօնը Լիբանանի Մէջ

Հաւատացեալներու Խուռներամ
Բազմութիւն Մը Պիքֆայայի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 18 օգոստոս 1963, լիբանանահայութիւնը մեծ շուքով եւ խանդավառութեամբ տօնեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:

Շաբաթ երեկոյ, մինչեւ ուշ գիշեր, ընտանեկան բազմահարիւր յարկերու տակ Աստուածամօր անուան տարեդարձը խրախճանքներով ոգեկոչուեցաւ:

Կիրակի բոլոր եկեղեցիները երկսեռ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ լեցուեցան: Ամէնուրեք Ս. պատարագը մատուցուեցաւ հանդիսաւոր երգեցողութեամբ, աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզներ խօսուեցան եւ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը:

Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Արտաւազդ ծ. վրդ. Թրթռեան, Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Մեսրոպ աբղ. Յովսէփեան:

Աւանդութիւն դարձած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ուխտագնացութիւնը այս տարի եւս փառաւոր շքեղութեամբ տօնակատարուեցաւ` բազմահազար հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ, որոնք եկած էին Պէյրութէն եւ գիւղագնացութեան հեռու եւ մօտ վայրերէն:

Արարողութեանց նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս, պատարագեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց բարեխնամ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Հաւատացեալները բարձրախօսներով կրցան հետեւիլ արարողութեանց եւ բազմահարիւր շարքերով Ս. հաղորդութիւն ստացան:

Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը: Ապա վեհափառն ու պատարագիչ սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցան բակ, ուր տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Եկեղեցասէր տիկնանց խնամակալութեան կողմէ պատրաստուած մատաղի օրհնութիւնը: ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու հսկողութեան տակ, անթերի կարգապահութեամբ, օրհնուած խաղողն ու մատաղը բաշխուեցան ժողովուրդին:

 

Աղուէսը Հայկական Առածներու Մէջ

Աղուէսը մեր հաւնոցը քանդած է, մեր շան քաջութենէն…
Ծաղրած կ՛ըլլանք մէկը, եթէ զայն գովելու ելլենք իր չունեցած մէկ արժանիքին եւ յատկութեանը համար: Պէտք չէ գովենք մէկը արժանիքի մը համար, որ երբեք ունեցած եւ ցոյց տուած չէ` ծիծաղելի չդառնալու եւ ենթական ծաղրանքի առարկայ չդարձնելու համար զայն, եթէ մեր նպատակը կատակել է:

Աղուէսին քաջութիւնը հաւերու վրան է:
Չարերը միամիտներ եւ բարեսիրտներ կը փնտռեն զանոնք իրենց ծուղակը ձգելու եւ չարաշահելու համար: Ազգի մը մէջ չարերը որքան ալ քիչ ըլլան, կրնան մանրէներու պէս իրենց շուրջ դժբախտութիւններ եւ ողբերգութիւններ տարածել շարունակ:

Աղուէս եթէ չըլլաս, աղուէսներուն կեր կը դառնաս:
Աղուէսը առածներու մէջ չար եւ չարաշահ մարդոց պատկերը կը ներկայացնէ, որոնք բարեսիրտ եւ գթառատ մարդու դիմակ հագած` աղուէսութիւններ կը սարքեն իրենց զոհերու գլխուն: Այսպիսիներուն զոհ չդառնալու համար պէտք է մօտէն ճանչնանք զանոնք եւ զգուշանանք անոնցմէ:

Աղուէսը խաղողին չէ հասած, «թթուած է» ըսած է:
Չարեր եւ չարաշահներ, նախանձոտ մարդիկ կ՛ըլլան ընդհանրապէս եւ սեւցնելու կ՛աշխատին որեւէ գործ, որ իրենց շահ չի բերեր: Այսպիսիներու խօսքին կարեւորութիւն տալէ առաջ հասկնալու ենք, թէ ի՛նչ է անոնց փորին ցաւը…

Աղուէսը երկու թաթով թակարդը ինկած է, գայլը` մէկ թաթով:
Աղուէսն ու գայլը նոյն տեսակ գիշատիչ եւ վնասակար գազաններ են: Տարբերութիւնը սա է, որ գայլը կը գոհանայ մէկ որսով եւ շաբաթը մէկ անգամ ուտելով, բայց աղուէսը, հաւնոց մը մտած, բոլոր հաւերն ալ կը խեղդէ, մինչ իրեն պէտք եղածը հաւ մըն է միայն: Աղուէսին ագահութիւնը, չարութիւնը պատճառ կ՛ըլլան, որ մարդիկ ամէն տեղ թակարդներ լարեն հաւնոցներուն շուրջ,  որպէսզի աղուէսները երկու թաթով իյնան անոնց մէջ:

Աղուէսէն վկայ ուզեր են, պոչը ցոյց տուած է:
Աղուէսաբարոյ մարդիկ, որպէս բարի վարքի վկայ, իրենց հետեւորդները, մեղսակիցները ցոյց կու տան` միամիտները խաբելու համար: Այսպիսի մարդոց տուած վկայութիւնը լսելէ առաջ հասկնալու ենք, թէ ի՛նչ է անոնց ապրած կեանքը:

Աղուէս մը մինչեւ որ իր աղուէսութիւնը ցոյց տայ, փսոթը մէկ փարանոց կ՛ըլլայ:
Շուներուն ճանկը ինկած աղուէսները, արդարութեան ձեռքը ինկած չարաշահներ, մինչեւ որ իրենց մորթը ազատեն, արդէն խորապէս վիրաւորուած եւ վարկաբեկուած կ՛ըլլան:

Աղուէսը, ուր որ երթայ, կ՛ընէ իր աղուէսութիւնը:
Չարութիւնը, չարաշահութիւնը վատ ունակութիւններ են, որոնցմէ վարակուած մարդիկ, ո՛ւր որ ըլլան, ցոյց կու տան իրենց գարշելի դէմքը: Մինչեւ որ հոգին չելլէ, գէշ ունակութիւնները կը մնան մարդուն մէջ, եթէ ան մինչեւ վերջ չփոխէ իր ընթացքը…

ԱՒԵՏԻՍ ԹԷՔԷԵԱՆ

Քաղուած «Մասիս»-էն

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )