Բնախօսական Եւ Մտային Հարցեր. Թէյ Եւ Կարեկցանք

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՍՐՃԱՐԱՆ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՏԱՌԱՊԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԷ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ` ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԽՆԱՄԵՆ ԶԱՆՈՆՔ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ ՅԱՃԱԽ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՈՂ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԸ ԹԵԹԵՒՑՆԵԼՈՒ ԱՐԴԻ ՄՕՏԵՑՈՒՄԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ:

Յիշողութեան կորուստի սրճարանը, ուր յիշողութեան կորուստէ տառապողներ եւ անոնց սիրելիները կը հանդիպին զրուցելու:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յիշողութեան կորուստի սրճարանին առաջին օրէնքը այն է, թէ պէտք է անոր մասին խօսիլ կարելի չափով մեծ թիւով յիշողութեան կորուստէ տառապողներու` յուսալով, որ անոնցմէ գէթ ոմանք պիտի յիշեն զայն: Նկատի ունենալով Ուորուիքշըրի մէջ բացուած այս սրճարանին ընտրած թիրախը իբրեւ շուկայ` դիւրին չէ զայն ծանուցելը: Անոր նպատակն է մէկտեղել յիշողութեան կորուստէ տառապողները եւ անոնց սիրելիները: Հարցը աւելի կը բարդանայ, երբ սրճարանին անունը տակաւին չէ որոշուած եւ ինքնին վիճարկութեան նիւթ է:

Մորիա Քետի, որ լիաժամ կը խնամէ իր մայրը, կ՛ըսէ. «Մարդոց կ՛ըսեմ, թէ սրճարան մըն է, բայց անոնք կը մտածեն` մեծ թիւով սրճարաններ գոյութիւն ունին արդէն, պէտք չունինք նոր սրճարանի մը: Չեն հասկնար այս սրճարանին նպատակը»: Այլին Փիքըն կը խնամէ իր ամուսինը` Ռիչըրտը, որ կը տառապի յիշողութեան կորուստի եւ Փարքինսըն՛զի մէկտեղումով ստեղծուած հիւանդութենէ մը: «Պէտք է դիմագրաւել իրականութիւնը,- կ՛ըսէ ան:- Անօգուտ է զայն այլ անունի մը ետին թաքցնելը: Այս սրճարանը այնպիսի մարդոց համար է, որոնք կը տառապին յիշողութեան կորուստ պատճառող հիւանդութիւններէ, որպէսզի անոնք իրարու քով գալով` բաժնեն իրենց վիճակին դժուարութիւնները»:

Հոլանտացի հոգեբան Պերէ Միսըն յիշողութեան կորուստէ տառապող անձերու յատուկ Ալզայմըրի սրճարանի մը գաղափարը յղացած էր 1997-ին: Իր ուսումնասիրութեան ընթացքին ան ի յայտ բերած էր, թէ յիշողութեան կորուստի մասին խօսիլը, նոյնիսկ` ամոլներու միջեւ, յաճախ արգիլուած նիւթ մըն էր: Ան փորձած էր ստեղծել հանդիպման վայր մը, ուր կարելի ըլլար խօսիլ այս մասին, հետեւաբար հիմնած էր սրճարան մը` փորձարկութեան եւ դիտարկութեան վրայ հիմնուած քննարկումներով ապացուցելով, թէ անիկա կրնար բարելաւել մտային վիճակը: Այնուհետեւ, 2000-էն ի վեր յիշողութեան կորուստէ տառապող անձերու յատուկ սրճարաններ բացուած են Բրիտանիոյ տարածքին: Սակայն այս նոր ծրագիրը աւելի խմբային դարմանատան մը բնոյթը ունի, քան` սրճարանի, որովհետեւ մարդիկ միայն Ալզայմըրի հիւանդութենէն չեն տառապիր, այլ նաեւ` յիշողութեան կորուստի հետ առնչուող շարք մը այլ հիւանդութիւններէ: Ասիկա ձեւով մը միտումնաւոր քայլ մըն է Միսընի օրինակը օգտագործելու` որոշ տարրեր աւելցնելով անոր վրայ: Ծրագիրը միասնաբար կը հովանաւորեն «Էյճ Եու. Քէյ.» միութիւնը, Բրիտանիոյ Ալզայմըրի միութիւնը եւ Օրպիթ հարթ աֆ Ինկլընտ ընկերութիւնը, որ կը մատուցէ կալուածներու վարչական ղեկավարութեան սպասարկութիւն: Եթէ ծրագիրը յաջողի, կը մտածուի զայն տարածել դէպի այլ շրջաններ:

«Մարդիկ տարբեր հարցեր եւ տարբեր կարիքներ ունին յիշողութեան կորուստի առաջին հանգրուաններուն,- կը բացատրէ Օրպիթի մէկ պատասխանատուն` Ռեպեքա Տէյվիս:- Անոնք շատ չեն խօսիր, սակայն կ՛ենթադրենք, որ խմբային հանդիպումները պիտի օգնեն անոնց, որովհետեւ անոնց հանդիպումը դրական արդիւնք պիտի տայ»:

«Ամուսինս յիշողութեան կորուստէ կը տառապի,- կ՛ըսէ Տորոթի Ուոռնըր. Ռեքս հանդարտօրէն կը ծամէ իր երրորդ տուրմով կրկնեփուկը:- Միշտ պէտք է ուշադիր հետեւինք իրենց: Մեզի հետ կը բերենք Ռեքսն ու Ռիչըրտը, որովհետեւ չենք կրնար առանձին ձգել զիրենք, ոչ ալ` ուրիշի քով:  Ռեքս նաեւ կը մոռնայ, թէ ճաշած է եւ անընդհատ կը շարունակէ ուտել: Կը սիրէ տուրմով կրկնեփուկները: Երբեմն գիշերը գաղտագողի կ՛ուտէ եւ յաջորդ օրը կրկնեփուկի փշրանքներ, նոյնիսկ կպչուն բանդակ (մարմըլէյտ) կը գտնենք անկողինին մէջ»: Ան կատակով խէթ նայուածք մը կ՛ուղղէ Ռեքսի, որ հանդիսաւոր կը շարժէ գլուխը` հաւանութիւն յայտնելով: Տորոթի կը ծիծաղի եւ կ՛ըսէ. «Եթէ չխնդաս իրենց հետ, կու լաս»:

Կը թուի, թէ յիշողութեան կորուստի սրճարանին վայրը ժամանակի եւ տեղի յատուկ շրջագիծէ մը դուրս կը գտնուի: Հսկայական պատուհանները շրջանակի մէջ կ՛առնեն դալարագեղ տեսարան մը: Ներսը փայտով ծածկուած շեղ առաստաղը կը յիշեցնէ դահուկողներու յատուկ կացարան մը: Ստնաւորներու, շուներու եւ անտառաբնակ անասուններու պատկերներով յախճապակեայ պնակներ կը զարդարեն պատերը: Բարձր թիկունքով եւ տարբեր գոյներով առնուազն 30 աթոռներ ցրուած են սրճարանին տարածութեան մէջ: Հաւանաբար անցեալի նորաձեւութեան զգացողութիւնը միտումնաւոր է: Ամսթերտամի մօտակայ Ուիսփ քաղաքին մէջ նոր ծրագիր մը ամբողջ գիւղ մը կը տրամադրէ ուղեղային քայքայումի հիւանդութիւններէ տառապող անձերուն: Անոր ձեւագծումը կը միտի մեղմացնել հիւրերուն անձկութիւնը: Ուորուիքշըրի սրճարանը եւս կարելի է օգտագործել նմանօրինակ սկզբունքներով: Թէեւ ընդարձակ, սակայն մեծ մայրիկի մը նստասենեակին յատուկ յարդարանքը կը տեսնենք հոն:

Սրճարանին պատասխանատուները կը քաջալերեն, որ հիւրերը իրենց սեփական թէյն ու սուրճը գնեն, եւ ոչ թէ ակնկալեն, որ սպասեակներ հիւրասիրեն զիրենք: Իւրաքանչիւր հանդիպումի առիթով մէկը կը խօսի յիշողութեան կորուստէ տառապող անձերը խնամողներուն հետաքրքրող նիւթի մը մասին: Եթէ ծրագիրը յաջողի, կը մտածուի նաեւ երաժշտութիւն, հարց-պատասխանի ձեւով յայտագիրներ, խաղեր եւ պար աւելցնել` խթանելու համար յիշողութեան կորուստէ տառապող անձերուն ուղեղը եւ` անոնց յիշեցնելու երբեմնի ուրախ օրերը: Օր մը իրաւաբան մը կը խօսի տակաւին զգօն վիճակի մէջ կտակ գրելու կարեւորութեան մասին: «Ե՞րբ է տարեդարձս», կ՛ընդմիջէ Ռեքս: Տորոթի ցած ձայնով կը յիշեցնէ թուականը, ապա կը շարունակէ իր խօսակցութիւնը քովը նստած անձերուն հետ: Ան կարեւոր կը նկատէ նման մէկտեղումները, որովհետեւ, ինչպէս Միսըն նախատեսած էր, անոնք առիթ կու տան խնամողներուն` հանդիպելու նոյն վիճակին մէջ գտնուող այլ անձերու հետ եւ բաժնելու իրենց մտահոգութիւնները: Յիշողութեան կորուստէ տառապող անձերը խնամողները սովորաբար հարազատներ են կամ կողակիցներ, որոնք իրենց ապրած փորձառութեան պատճառով կրնան շատ մեկուսացած զգալ:

Օրպիթ հարթ աֆ Ինկլընտ ընկերութեան պատասխանատուներէն` Ֆիոնա ՄքՖոլ, որ ներկայացուցած է ծրագիրին առաջարկը, ուսումնասիրութիւն մը կատարած է ընկերութեան գլխաւորած բնակարանային տարածքներուն մէջ եւ ի յայտ բերած է, թէ բնակիչներուն 14 առ հարիւրը կը տառապէր որոշ տարողութեամբ յիշողութեան կորուստէ: «Հայրս գրեթէ կորսնցուցած էր յիշողութիւնը,- կ՛ըսէ ան:- Նմանօրինակ հանդիպումներու կ՛ընկերակցէի, երբ յիշողութիւնը քիչ մը աւելի լաւ էր, եւ կը զգայի, թէ այս հանդիպումները զայն կեանքին կապող առիթներ էին: Երբ հարազատ մը կը սկսի տառապիլ յիշողութեան կորուստէ, կը թուի, թէ կորսնցուցած ենք զինք, կը թուի, թէ ան մեռած է արդէն: Երբ զինք կը տանէի նման հանդիպումներու, ընդհանրապէս լուռ կը մնար, սակայն տարբերութիւն մը կը զգայի իր մէջ: Միշտ աւելի գոհունակ եւ հանդարտ կը զգար: Այս փորձառութիւնը գլխաւոր մղիչ ազդակն էր սրճարանի ծրագիրիս»:

Լրատուամիջոցներ հազուադէպօրէն կ՛անդրադառնան յիշողութեան կորուստէ տառապող անձերու զօրակցող միութիւններուն: Ալզայմըրի միութիւնը նման 138 համախմբումներ կը կազմակերպէ Բրիտանիոյ տարածքին: Բազմաթիւ այլ համախմբումներ կը կազմակերպուին տեղական իշխանութիւններու եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ, սակայն յստակօրէն պահանջը աւելի մեծ է: 65 տարեկանէն վեր անձեր, որոնք ենթակայ են տառապելու մտային կարողութեան քայքայումի հիւանդութիւններէ, նաեւ չեն կրնար երկար տարածութիւններ կտրել` իրենց նմաններուն հետ հանդիպելու եւ զօրակցութիւն վայելելու համար: Երբեմն ամոլներ կը ստիպուին բաժնուիլ, որպէսզի ապրին տեղ մը, ուր իրենց հիւանդութեան անհրաժեշտ օգնութիւն կը ստանան: «Իրապէս տխուր է, երբ մարդիկ կը ստիպուին բաժնուիլ», կ՛ըսէ «Էյճ Եու. Քէյ.»-ի եւ Օրպիթի սպասարկութիւններու խորհրդատու Լինտա Օ՛Սալիվըն:

Մինչ յիշողութեան կորուստէ տառապողներուն վիճակը կը վատթարանայ, զանոնք խնամող կիներուն, ամուսիններուն եւ զաւակներուն առանձնութեան զգացումը հետզհետէ կը ծանրանայ: «Երբ ժամական 16 փաունտ պէտք է վճարես հոգատարի մը, որպէսզի կարենաս տեղ մը երթալ, երկու անգամ կը մտածես», կ՛ըսէ Մոյրա:

«Կը թուի, թէ թակարդուած ենք,- կ՛աւելցնէ ան: – Տեղական խորհուրդը կը թելադրէ դիմել դրացիներու օգնութեան: Բայց կարելի չէ: Անոնք չեն գիտեր, թէ ինչպէս պէտք է վարուին, իսկ ընտանիքի անդամներ շատ հեռու կը բնակին: Կարելի չէ երեւակայել դիմել զաւակի մը օգնութեան` լուացարան երթալու համար»:

Շատերուն համար յիշողութեան կորուստի սրճարանը  կամ ինչ անունով ալ կոչուի անիկա, միակ առիթն է տունէն դուրս գալու եւ խօսելու մէկու մը հետ: «Կու գաս հոս, կը հանդիպիս անձերու եւ կը մտածես, թէ վիճակդ այնքան ալ վատ չէ», կը կատակէ Այլին, մինչ ամուսինը դարձեալ կը խնդրէ տուրմով կրկնեփուկ մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )