Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Ապահովեց 1-16-րդ Հանգրուանին Իր Տոմսը

Լեւոն Արոնեան (աջին)

Նորվեկիոյ Թրոմսօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայրենի կրանտ-մասթըր Լեւոն Արոնեան շրջանցեց 2-րդ հանգրուանի արգելքը, երբ թայ-պրէյքով յաղթեց ռուս Իկոր Լիսիի (2-0):

Արագ ճատրակի երկու մրցումներուն ալ, Հայաստանի հաւաքականին յառաջատարը եւ տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքը գրաւող Արոնեան յաղթանակ արձանագրեց:

Յաջորդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Եւգենի Թոմաշեւսքի (Ռուսիա):

 

Share this Article
CATEGORIES