ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՌԻԹՈՎ ԴՐՕՇԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ` ՀՄԸՄ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, այս տարի Մայիս 28-ի անկախութիւնը իւրայատուկ կերպով նշուեցաւ հայկական երկու վարժարաններու մէջ:

Հինգշաբթի, 26 եւ ուրբաթ, 27 մայիսին յաջորդաբար սկաուտական դրօշակի արարողութիւններ տեղի ունեցան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին եւ Եղիշէ Մանուկեան ազգային քոլեճին մէջ:

ՀՄԸՄ-ի սկաուտները իրենց սկաուտական լման տարազով դպրոց ժամանած էին եւ ժամը 7:30-ին կարգապահ շարքերով մէկտեղուեցան Եռագոյն դրօշակին առջեւ:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղէն երկու խմբապետներ վարեցին արարողութիւնները:

Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնը այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Մայիս 28-ին հայութիւնը կերտեց իր անկախութիւնը` թօթափելով դարերու ստրկութեան լուծը եւ ունենալով անկախ հայրենիք: Ան նաեւ ընդգծեց, որ այդ օրուան Ազգային խորհուրդի անդամ Նիկոլ Աղբալեան, որ անկախութեան հռչակումին մէջ մեծ դեր ունեցած է, նաեւ Համազգայինի հիմնադիրներէն մէկն է: Ան հաստատեց, որ այս բոլորին լոյսին տակ հայ աշակերտը պէտք է լաւ աշխատի, լաւ սորվի, զարգանայ, որպէսզի նախնիներուն փոխանցած անկախութեան դրօշը կարենայ փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մէջ օրուան խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ական Անդօ Պոյաճեան, որ անդրադարձաւ Մայիս 28-ի խորհուրդին եւ արժէքին:

Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը, հակառակ իր կարճ կեանքին ու փոթորկալի պատմութեան, ձեւով մը խտացումն է մեր նորագոյն պատմութեան` պայքարի եւ քաղաքական միտքի բիւրեղացման: Հազիւ երկուքուկէս տարուան ժամանակամիջոցի ընթացքին պետութիւնը իր մէջ խտացուց տասնամեակներու պայքարները, իտէալներն ու անոնց իրականացումը, ապա իրեն հասած լոյսը սփռեց ու տարածեց յաջորդ դարաշրջանին վրայ` հունաւորելով մեր նորագոյն պատմութիւնը, լոյս հասցնելով մինչեւ մեր օրերը:

Անոր համաձայն, այսօր` 93 տարիներ ետք, հրամայական է ու պարտք` Մայիսեան հանրապետութենէն մեզի հասնող ժառանգութեանց պահպանումը, զարգացումն ու ընդարձակումը: «Ոչ ոք իրաւունք ունի մսխելու կամ արհամարհելու 1918-էն առաջ ու անկէ ետք մղուած պայքարներն ու անոնց շօշափելի արդիւնքները, այլ յետնորդներուս` մեր ու վաղուան սերունդներուն պարտքն է շարունակել այն իրագործումները, որոնք սկզբնաւորուեցան Մայիսեան հանրապետութեան օրերուն», եզրափակեց Ա. Պոյաճեան:

Share this Article
CATEGORIES