Ճեմարանի «Փոստան»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Քաղաքի կողմը բնակող Ճեմարանականները առիթը կամ «բախտ»-ը չունեցան վայելելու Ճեմարանի «փոստան»: Մենք` էշրեֆիէցիներ, պուրճհամուտցիներ, հայաշէնցիներ, մարմխայէլցիներ եւ տարբեր «ցի»-եր, իսկապէս որ վայելեցինք խարխլած, աղմկոտ եւ 30 հոգինոց, սակայն 50-է աւելի թխմուած, աշակերտներով «փոստան»:

Ինքնաշարժի վարիչն էր բաւական տարիքը առած պարոն Յարութիւնը, խառնուածքով բարի անձ մը: Երբ աշակերտի մը տան առջեւ հասնէր եւ այդ աշակերտը տակաւին պատրաստ չըլլար, համբերութեամբ կը սպասէր քանի մը վայրկեան: «Եթէ երթամ, խեղճ չոճուխին ո՞վ դպրոց պիտի տանի», այս էր ամէնօրեայ յանկերգը, երբ ինքնաշարժի հսկիչը կը ստիպէր, որ քալէ, աշակերտին «դաս» ըլլայ եւ անգամ մըն ալ չուշանայ:

Մօտաւորապէս 5 տարի «աշակերտեցի» Ճեմարանի նշանաւոր «փոստա»-ին, մինչեւ որ տարիքս տեղ մը հասաւ, որ այլեւս կրնայի անձնական միջոցներով, այսինքն թրամվայով երթալ դպրոց, սակայն միայն տղաքն էին, որ որոշ տարիքէ ետք պէտք էր իրենց գլխուն ճարին նայէին, իսկ աղջիկները մինչեւ աւարտական դասարան հաւատարիմ յաճախորդներն էին Ճեմարանի «փոստա»-ին:

Այդ քանի մը տարիներուն բաւական հսկիչներ ունեցանք: Նախ` Խաթուն Սրապեան, հետագային` Խաթուն Բագրատունի, ապա` քանի մը ամիսով Ֆիմի Գասարճեան (Եագուպեան), ապա ասոնց փոխարինեց մեր հայերէնի ուսուցիչ Եփրեմ Քէշիշեան, որ բաւական երկար դիմացաւ այդ պաշտօնին: Հսկիչ մը ունենալը պայման էր: Չափէն աւելի անկարգ էինք, մանաւանդ որ բերնէ բերան լեցուն` հազիւ կրնայինք շունչ առնել, մենք` տղաքս միշտ ոտքի, մեր տեղերը զիջելով աղջիկներուն: Պարոն Եփրեմ չունէր Ճեմարանի ընդհանուր հսկիչ պարոն Յովհաննէսին խստութիւնը, թէեւ կը փորձէր, սակայն որո՞ւ խօսք հասկցնէր, մանաւանդ որ մենք` քանի մը հոգի, ամենաետեւի շարքին գտնուողներս ուղղակի «կատղած լակոտներ» էինք, որոնցմէ կարելի է յիշել, Վարուժ Ճէրէճեան, Պետիկ Համըզեան, Հրայր Գոչունեան, Վաչէ Մանուկեան (ազգային բարերար) եւ իր եղբայրը` Վահրամ, Հրայր Պաղպուտարեան եւ ես: Պարոն Եփրեմ աւելի զբաղած էր օրիորդ Ռոզեթին հիանալով: Պարոն Եփրեմ, ինքնաշարժի վարորդին քով նստած, իսկ օրիորդ Ռոզեթ, վարորդին ճիշդ ետի առաջին շարքին: Օրիորդ Ռոզեթ շատ երիտասարդ, անուշիկ եւ հմայիչ էր: Պարոն Եփրեմ ինչպէ՞ս դիմանար: Հայելիէն աչքը օրիորդ Ռոզեթէն չէր հեռացներ` առանց անդրադառնալու, որ մեր աչքէն բան չի փախչիր, եւ մենք ալ իր դիտելը կը դիտենք:

«Փոստա»-ին օրական ճամբորդութիւնը երկար էր եւ կը տեւէր առնուազն երկու ժամ առտու դպրոց հասնելու, երկու ժամ ալ երեկոյեան` տուն հասնելու: Ձմրան կարճ օրերուն արդէն արեւը շատոնց մար մտած եւ գրեթէ մութին կը հասնէինք տուն: Առտուները ժամը մօտաւորապէս 6:30-ին կու գար մեր տան մօտ: Ես եւ քոյրս` Արսինէն բախտաւոր էինք, քանի որ, պարոն Եփրեմ մեր շէնքը կը բնակէր, եւ երբ պարոն Յարութիւն հասնէր մեր շէնքը, ինքնաշարժը կը մարէր, գիտէր, որ պարոն Եփրեմ նուազագոյնը 10-15 վայրկեան սպասցնել պիտի տայ բոլորս, իսկ Արսինէն եւ ես ցուրտ օդին վարը սպասելու պէտք չունէինք: «Փոստա»-ին հասնելէն ետք հանդարտ կ՛իջնէինք եւ տակաւին բաւական ալ ինքնաշարժին մէջ կը սպասէինք մինչեւ «նորին վսեմութիւն հսկիչ»-ը վերջացնէ իր նախաճաշը եւ բարեհաճի իջնել վար, մինչ երբ ուրիշ աշակերտ մը պատրաստ չըլլայ` «Քշէ՛, մի՛ սպասեր, իրեն դաս թող ըլլայ, մենք ժամանակին դպրոց պէտք է հասնինք»:

Իսկական «հաւասարութիւն»:

Առտուները ուրկէ կը սկսէր հաւաքել` չեմ գիտեր, սակայն կէսօրէ ետք վերադարձին, սկսելով դպրոցէն, նախ կ՛անցնէր Մար Մխայէլէն (Հրայր Գոչունեանը շուտ հասնողներէն էր), ապա` Էշրեֆիէ, Հայաշէն` հասցնելու համար Մկօ Քէշիշեանը եւ Գրիգոր Պըլըտեանը, որ նոյնիսկ այդ աղմուկին եւ իրարանցումին մէջ անդադար կը կարդար: Սի.Էմ.Սի. հիւանդանոցի զառիվայրէն իջնելով` աջին իրենց տուները կը ձգէր Էսֆահանեան 4 եղբայրները եւ անոնց դրացի Վարդի, Ազնիւ եւ Ստեփան Մեհթերեանները, ապա Հաճընէն անցնելով` կ՛ուղղուէր Պուրճ Համուտ: 1958-ի դէպքերուն Հաճընէն անցած ժամանակ կ՛արժէր տեսնել պարոն Յարութիւնին եւ պարոն Եփրեմին վախէն դեղնած դէմքերը: Հաճըն «կը նետէր» Հրայր Պաղպուտարեանը եւ կը սուրար դէպի Պուրճ Համուտ: «Կը նետէր» ըսի, որովհետեւ հազիւ Հրայր ոտքը գետին դրած, արդէն դուռը չգոցուած, պարոն Յարութիւն, première, deuxième, եւ կամուրջին վրան էր, վստահաբար միտքէն ըսելով. «Այսօր ալ ազատեցանք»:

Պարոն Եփրեմ գիտէր նաեւ պատժել իր «փոստա»-ի աշակերտները: Օր մը Վարդան Դաւիթեանին 100 տող գրել տուաւ շատ խօսած ըլլալուն համար: «Փոստային մէջ պիտի չխօսիմ»:

«Փոստա»-ն հին էր, խարխլած եւ քանի մը անգամ մեզ ճամբան ձգեց. նկատի ունենալով, որ այն  ժամանակ ներկայի դիւրութիւնները չկային (բջիջային եւ այլն), ժամեր տեւեց, մինչեւ որ լուր տրուեցաւ եւ պարոն Արամայիս, մասնագէտ մեքենագէտ, ուրիշ պասով մը եկաւ եւ մեզ հասցուց մեր տուները: Նոյն շրջանին պարսկահայ բարերար մը խոստացաւ նոր պաս մը նուիրել Ճեմարանին: Ամիսներ տեւեց մինչեւ պասին Լիբանան հասնիլը, մինչ այդ մենք անհամբեր էինք: Պասը հասաւ, սակայն վարորդին քով` ձախ կողմը դուռ չունէր: Քանի մը ամիս տեւեց, մինչեւ որ շատ հաւանաբար կաշառքով կրցան արտօնութիւն առնել եւ մեր նոր «փոստան» անցաւ գործի` հանգստեան կոչելով նախկին խարխլածը: Երբ Իրանէն հասաւ Ճեմարանի նուէրը, վրան գրուած էր «Նուէր Բէյրութի Փալանճեան Ճեմարանին» զարմանք պատճառելով մեզ: Պէյրութ այդպէ՞ս կը գրուի: Այդ ժամանակ շատ ալ գաղափար չունէինք թէ «Բ» գիրը «Պ» կը հնչեն արեւելահայերը: Քանի մը օր ետք գծագրիչ բերին եւ շտկեցին` «Նուէր Պէյրութի Փալանճեան Ճեմարանին»:

Հիմա եղաւ:

Հրայր Մովսէսեան եւ իր եղբայրը` Վազգէն, որոնք իրենց անձնական միջոցներով կ՛երթային դպրոց, «Ճերմակ տուներ»-ուն առջեւէն անցած ժամանակ իրենց պայուսակները  պասին պատուհանէն կու տային մեզի, որ հետերնիս տանինք դպրոց: Օր մըն ալ պատահեցաւ, որ իրարու չհանդիպեցանք: Երկու եղբայրներուն սովորութիւն եղած էր պայուսակները մեզի տալ եւ հանրակառքէն իջած ժամանակ պայուսակները հոն մոռնալով` այդ օր կու գան դպրոց, եւ երբ մեր «փոստան» կը հասնի դպրոց առանց իրենց պայուսակներուն, անմիջապէս գլխի կ՛իյնան եւ կը վազեն հանրակառքի կայան եւ բարեբախտաբար կը գտնեն պայուսակները:

Ըսթեզ Պուսթանի, որ պարոն Եփրեմին բարեկամն էր, շաբաթը անգամ մը կ՛այցելէր իրենց տունը եւ փոխանակ ուղղակի հոն երթալու, իր «Փէօժօ 203»-ով երկար բարակ կը հետեւէր պասին, մինչեւ պարոն Եփրեմին տուն հասնիլը: Տակաւին խելքիս չի հասնիր, թէ ինչո՛ւ ուղղակի Պուրճ Համուտ չէր քշեր եւ ժամերով կը հետեւէր «փոստային»:

Շատ մեծ հաճոյքէ զրկուեցանք, երբ ինքնաբաւ ըլլալով` սկսանք մեր անձնական միջոցներով երթալ դպրոց: Այդ ալ ուրիշ փորձառութիւն էր: Նոր բաներ սորվեցանք: Հանդիպեցանք քսակահատներու եւ միասեռականներու, որոնց մասին բնաւ գաղափար չունէինք: Հանդիպեցանք մարդոց, որոնք հինգ դահեկան չվճարելու համար, երբ դրամ հաւաքող պաշտօնեան գար «նե՜զիլ» կ՛ըսէին (հիմա պիտի իջնեմ), եւ հանրակառքը քալած ժամանակ վար կը նետուէին վարպետօրէն, երբեմն ալ` անճարակօրէն, քիթին բերնին գետին փռուելով, պարզապէս հինգ դահեկան խնայելու համար:

Երբ հանրակառքը սինեմա «Քափիթոլ» հասնէր եւ թեքուէր դէպի Պասթա, կայարան չունէր, սակայն դարձուածք ըլլալուն կը դանդաղէր եւ տասնեակներով Ճեմարանական եւ «Յովակիմեան Մանուկեան»-ական աշակերտներ վարպետօրէն կը նետուէինք հանրակառքէն վար, կը դիմէինք դէպի Սուրբ Նշան տանող զառիվերը եւ կ՛ուղղուէինք դպրոց:

Տարիները անցան: Վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Հանրակառքէն նետուելու նման` լիբանանահայերը նետուեցան օտարութեան գիրկը: Կերտեցին հայ կրթական նոր օճախներ, աշակերտներ դպրոց սկսան յաճախել հանգստաւէտ պասերով եւ անձնական ինքնաշարժներով, իսկ մենք` այդ շրջանի սերունդը, տակաւին կ՛երազենք մեր սիրելի Ճեմարանի խարխլած, բայց այնքան սիրելի եւ յիշատակներով լեցուն «փոստան»:

Լոս Անճելըս, 2013

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Shenorhagaloutioun B. Shahmelikianin, ais shad hadjeli keroutian hamar. Isgabes, ge meghkenayi jemaranagan engernerous voronk bardavor ein Postayov jamportelou amen or. Ardounere jame 5-in, 6-in gartennain anonk,, isg yes , Jemaranen bardezov me pajnevads mer dounen, zankage leselous bes nor ge vazei tebrots…sagain yev ainbes, keroutioune gartales yedk, nor antratartsa te vortchap zergeverem Postayin hadjeli baheren…

  • Disqus ( )