«Նոր Կեանք»-ի Վերջին Թիւը
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նահանջ մը եւս արձանագրելու ցաւալի պարտադրանքին առջեւ ենք: «Ասպարէզ»-ի 105-րդ տարեդարձի նախօրէին բնաւ պիտի չուզէինք մէկ այլ հայկական թերթի մը վերջին թիւի լրատուութիւնը կատարել: Բայց ահա՛ ստացած ենք երեսունհինգ տարիներ մեր համայնքին ծառայող «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի oգոստոս 8-ի թիւը, ուր թերթի հրատարակիչ-խմբագիր Գրիգոր եւ Արշօ Շէնեաններ հրապարակած են հետեւեալ հաղորդագրութիւնը` «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի վերջին թիւը» խորագիրին տակ.
«Նոր Կեանք» երեսունհինգ տարիներ շարունակ Լոս Անճելըսէն լոյս սփռեց Ամերիկաներ, Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք: Թերթը փնտռուած էր միշտ: Ութսունականներէն ի վեր ան դարձաւ զարկերակը հայ ժողովուրդին, դարձաւ հայելին ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ հոգեւոր մեր կեանքին: Ան տեսաւ անկախութիւն` Հայաստանի անկախ հանրապետութիւն, սեւ-ճերմակ շատ օրեր:
«Նոր Կեանք»-ը անկախ մամուլի բեմ մնաց: Հոս լոյս տեսան ամենատարբեր կարծիքի յօդուածներ, թեր ու դէմ գրութիւններ: Գաղափարական տարբերութիւններ ազատօրէն տպուեցան կողք-կողքի: Շաբաթաթերթը կատարեց դպրոցի դեր. ան ուղղութիւն տուաւ ամէն տարիքի ու սեռի ընթերցողներուն, լուսաբանեց ու լոյս սփռեց ազգային մեր ամենացաւոտ հարցերուն, մանաւանդ` Ցեղասպանութեան գծով եւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ ցոյց տրուած գուրգուրանքով:
Լոսանճելըսահայ մեր կեանքին մէջ, հայատառ թէ անգլիատառ հայկական միւս թերթերուն կողքին, «Նոր Կեանք» միշտ պահեց իր ուրոյն տեղը: Այստեղ պարտ կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու մեր հաւատարիմ բաժանորդներուն, ծանուցողներուն, ընթերցողներուն, յօդուածագիրներուն եւ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք շունչ եւ յոյս տուին, որպէսզի մենք շարունակենք նուիրական այս գործը:
Վերջապէս, մեծապէս գիտակցելով եւ արժեւորելով անկախ մամուլին դերը սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ ըմբռնելով «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի մեր սիրելի բարեկամներուն, մտաւորականութեան եւ իւրաքանչիւր ընթերցողի մտահոգութիւնը այս իրականութեանց դիմաց` տարիքի եւ առողջապահական պատճառներով հարկադրուած ենք դադրեցնել «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին հրատարակութիւնը:
Շնորհակալութիւն մեր որդիներուն` Տաթեւին եւ Սեւակին, որոնց հասկացողութեան եւ համբերութեան շնորհիւ «Նոր Կեանք»-ի դիմագրաւած դժուարութիւնները ունեցան յաջող անցումներ»:
Պատմութեան համար կ՛ուզենք արձանագրել, որ, այո՛, «Նոր Կեանք»-ի էջերուն վրայ լոյս տեսած են յօդուածներ, որոնց հետ մենք եղած ենք տարակարծիք, նոյնիսկ երբեմն ընդվզած ենք անոնց դէմ, սակայն խօսքի ու կարծիքի ազատութիւնը յարգելով` չենք կրնար չգնահատել հայ մարդու հետեւողական նուիրումը հայ մամուլին, անոր հետեւողականութիւնը, հայկական թերթ լոյս ընծայելու հետ կապուած բոլոր տանջանքներն ու դժուարութիւնները դիմագրաւելու անոր պատրաստակամութիւնը:
Վարձքը կատա՛ր Գրիգոր եւ Արշօ Շէնեաններուն:

