ԻՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. ՎԷՐՔԵՐԸ ՉՍՊԻԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԱԶ ՄԸ

Պարզապէս երազ մը…

Եթէ օր մը այս երկրին վարչապետը Երեւան երթար եւ հայոց բռնագաղթի ընթացքին սպաննուածներուն շիրիմին «զոյգ մը մեխակ» զետեղէր…

Եւ եթէ Արարատին հանդիպակաց բերդին մէջ իրեն ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթին ընթացքին Հայաստանի վարչապետին հետ միասնաբար «հասարակաց ցաւերու» մասին խօսէր…

Եթէ իր խօսքը չսկսած` հրաւիրեալները բարեւէր «թէ՛ թրքերէնով եւ թէ՛ հայերէնով»… եւ յիշեցնէր, թէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնը «ցաւատանջ ժառանգի» մը հետեւանքն էր, եւ թէ` անիմաստ էր ուրանալ պատմութեան ծանրութիւնը…

«Երանի թէ ամէն ինչ տարբեր եղած ըլլար եւ կամ բնաւ պատահած չըլլար, բայց շատ կը ցաւիմ, որ պատահեցան…»:

Միմիայն ցաւերու մասին չխօսէր, այլ հասարակաց երազներու մասին ալ…

Նշէր, որ այցելութիւնը կ՛իմաստաւորուէր, պատմութեան բարդութեան կողքին, ներողամտութեան եւ հաշտութեան կարեւորութեամբ…` «Ոեւէ մէկը եթէ ապագային նայէր անցեալ դարուն, պիտի չկարենար երեւակայել այսօր գոյութիւն ունեցող հզօր կապը կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ…»:

Եթէ մատնանշէր, թէ երկու ժողովուրդներն ալ հաւասարապէս ցաւեր, խոր ալեկոծութիւններ եւ մեծ կորուստներ ունեցած էին…

Հետեւաբար դառն փորձառութիւնները խորապէս ազդած էին բոլորին, եւ թէ` անկարելի էր մոռնալ մահացածներն ու վիրաւորները…

Երկու ժողովուրդներուն միջեւ ցաւալի պատմութեան պատճառով գոյութիւն ունեցող դառնութիւնները «ամբողջ սրտովս կը բաժնեմ, ձեր կորուստները մե՛ր կորուստներն են, ձեր ցաւը մե՛ր ցաւն է, կը ցաւինք բոլոր պատահածներուն համար»: Եթէ կարենար ըսել…

Եթէ կարենար շեշտել, որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց արժէքները, աւելի՛ն, պատմական, տնտեսական եւ մշակութային կապերը երկու երկիրները, դրացնութենէ անդին, պիտի վերածէին մտերիմ բարեկամներու եւ հաւասարէ հաւասար գործընկերներու…

Պատմական այս հանդիպումին, Հայաստանի վարչապետն ալ, առանց բառերու մէջ մխրճուելու, եթէ կարենար նոյն ջերմութեամբ պատասխանել… շեշտելով, թէ Թուրքիոյ վարչապետին այցելութիւնը հաշտութեան գործընթացին գագաթնակէտն էր, եւ ըսէր` «Այսօր մենք կը տօնենք յարաբերութիւններու նոր շրջանի մը  ծնունդը»…

Արդեօք շա՞տ ցնորական է:

Հո՛գ չէ. ի՞նչ կ՛ըսէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը թերթերուն տրուած ընտրական ծանուցումներուն մէջ. «Երազ էր, իրականութիւն դարձաւ»: Երէկուան ծանուցումը` օրինակի համար. «Անկարները երազ մը ունէին… իրականութիւն դարձաւ»: Եթէ բանուորը, հիւանդը եւ երկրագործը երազ մը կրնան ունենալ, հապա «վէրքը երբեւիցէ չսպիացող» մը ինչո՞ւ չունենայ:

Տերսիմի կոտորածին ցնցումով ապրող ալեւիներուն, տարիներով ճնշուած քիւրտերուն եւ ահաբեկչութեան զոհ տուած թուրքերուն վէրքերը սպիացա՞ծ են արդեօք:

Երբեւիցէ ըսուեցա՞ւ այսպիսի խօսք մը. «Ձեր ցաւը մե՛ր ալ ցաւն է, ձեզի պատահածներուն համար շատ կը ցաւինք»:

Անգլիոյ թագուհին` Էլիզապէթ Բ., քանի մը օրէ ի վեր Իրլանտա կը գտնուի:

Այդպէս, սովորական այցելութիւն մը չէ այս մէկը…

Հարիւր տարիէ ի վեր, Իրլանտան Անգլիայէն անկախանալէն ասդին, առաջին բարձրաստիճան այցելութիւնն է ասիկա:

Թագուհին անկախութեան պայքարի ընթացքին զոհուածներուն շիրիմը այցելեց եւ զոյգ մը մեխակ զետեղելով` յարգեց անոնց յիշատակը:

Արիւնոտ այս պատերազմին որո՞նք սպաննած էին իրլանտացիները. թագուհիին հօրը հրամանով` անգլիացիները…

Թագուհին միմիայն պատերազմին զոհուածներուն յուշակոթողը այցելելով չբաւականացաւ. ան նաեւ այցելեց «Քրոք փարք»ի մարզադաշտը, այն տխրահռչակ մարզադաշտը, ուր անգլիացիներ անգթօրէն կրակ բացած էին մրցումին հետեւող հասարակ ժողովուրդին վրայ: Թագուհին եւ վարչապետը մի առ մի այցելեցին դառնութիւններով բեռնաւորուած պատմութեան անցեալը:

Այս միջոցին ան յիշեց անձնական ի՛ր ցաւը եւս: Մի՛ մոռնաք, որ իբրեւ ահաբեկիչ կազմակերպութիւն ճանչցուած ԻՐԱ-ն, հազարաւոր անգլիացիներու կողքին, սպաննած էր նաեւ թագուհիին ամէնէն մտերիմ անձը համարուող զարմիկը` լորտ Մաունթպեթընը:

Սակայն ան, առանց նկատի առնելու, թէ վէրքերը սպիացա՞ծ են, թէ՞ ոչ, մէկ առ մէկ դպաւ կնճռոտ հարցերուն, եւ իր տուած պատգամները ինծի առիթ ստեղծեցին տեսնելու Թուրքիա-Հայաստան երազս:

Բնականաբար Անգլիոյ եւ Իրլանտայի միջեւ պատահածները նոյնը չեն մեր միջեւ պատահածներուն…

Պայման ալ չէ, որ նոյնը ըլլան…

Վէրքերը կը սպիանան այն ատեն միայն, երբ ցաւերը բաժնեկցուին…

Ատելութիւնը կ՛աճի ուրացումով, մինչ ցաւերը կը փոքրանան բաժնեկցումով…

Ես բաւական յաջող գտայ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ծանուցումը, որ կ՛ըսէ` «Երազ էր, իրականութիւն դարձաւ»: Կրնա՞յ պատահիլ, որ օր մը այս երկրին վարչապետը պատրաստել տայ ծանուցում մը, որ կ՛ըսէ` «Վիրաւորները երազներ ունէին… իրականացան»: Բնաւ տարբերութիւն չ՛ըներ, եթէ քիւրտ, թուրք, հայ թէ ալեւի են, կրնա՞յ խորապէս դպնալ «արիւնող վէրքերուն»:

Պարզապէս երազ մըն է…

ԷՅԻՒՊ ՃԱՆ

«Ռատիքալ»
20 – 5 – 2011

Հայացուց Գ. Կ.

Share this Article
CATEGORIES