Իրանի Խորհրդարանը Հաստատած Է 15 Նախարարներու Թեկնածութիւնը
Gazeta.ru` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի խորհրդարանի հաստատման ներկայացուցած է 18 թեկնածուներ, որոնցմէ 15-ը խորհրդարանը հաստատած է:
Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ չեն ընդունուած կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու թեկնածութիւնները:
Յիշեցնենք, որ նախապէս հաղորդուած էր, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով փոխնախագահ դարձած է կին մը` Իլհամ Ամինզատէն:
Նշենք, որ Ռուհանի երէկ Իրանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Աքպար Սալեհին նշանակեց իրեն օգնական եւ Հիւլէական ուժանիւթի ազգային կազմակերպութեան նախագահ:
CATEGORIES Միջազգային


