Ազրպէյճանի Մէջ Նախագահութեան Թեկնածու Ներկայացած Են 14 Անձեր

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնին յաւակնող յաւելեալ երկու թեկնածուներ անհրաժեշտ փաստաթուղթեր ներկայացուցած են երկրի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին:

Նոր թեկնածուներն են ինքնառաջադրուած Էլշան Հասանով եւ Իսմայիլ Եուսիֆով:

Նախապէս Ազրպէյճանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին փաստաթուղթեր ներկայացուցած էին 12 թեկնածուներ:

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հաստատած էր Ենի Ազերպայճան կուսակցութեան ղեկավար, գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ազատլըք կուսակցութեան նախագահ Ահմետ Օրուճի, փաստաբան Իլկար Մամետովի, Ումիտ կուսակցութեան նախագահ Իկպալ Աղազատէի, Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Ալիեւի, Ազրպէյճանի քաղաքացիական եւ զարգացման կուսակցութեան նախագահ Ալի Ալիեւի թեկնածութիւնները:

Նախագահի պաշտօնին համար կրնան առաջադրուիլ Ազրպէյճանի այն քաղաքացիները, որոնք ընտրելու իրաւունք ունին, կուսակցութիւնները, կուսակցութիւններու դաշինքները:

Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ 9 հոկտեմբերին:

Նախորդ ընտրութիւնը տեղի ունեցած էր 15 հոկտեմբեր 2008-ին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )