Իրանի Ազրպէյճանցիներու Ղեկավարը Արտաքսուած Է Պաքուէն
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի ազրպէյճանցիներու ղեկավար, Ազրպէյճանցիներու համաշխարհային քոնկրեսի նախագահ Մահմուտալի Չեհրանկանլը իր որդիին` Ալփարսլան Չեհրանկանլըի հետ արտաքսուած է Պաքուի օդակայանէն:
Անոնք ժամանած էին Միացեալ Նահանգներէն, սակայն անոնց Ազրպէյճան մուտքը չէ արտօնուած, եւ արտաքսուած են:
Չեհրանկանլը բացէիբաց կոչ կ՛ուղղէ պայքարելու անկախ Հարաւային Ազրպէյճանի ստեղծման համար եւ իր ստեղծած շարժումը աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ այդ ուղղութեամբ, ինչ որ Իրանի կառավարութեան զայրոյթը կը յառաջացնէ:
15 տարի առաջ ան Իրանէն արտաքսուած է եւ այժմ կը բնակի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ազրպէյճան կամ Թուրքիա մուտք գործելու անոր բոլոր փորձերը ձախողութեամբ կը պսակուին:
Այդ երկիրներու իշխանութիւնները չեն ուզեր Իրանի հետ յարաբերութիւններուն վնաս պատճառել: