Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավարութեան Կազմութեան Կտրուկ Կերպով Դէմ Չէ՞
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ինքնավար քրտական տարածքի մը կազմութեան կտրուկ կերպով դէմ չէ, պայմանաւ որ այդ որոշումը երկրին կամքը ներկայացնող խորհրդարանի մը մէջ առնուած ըլլայ: Պաշտօնատարները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական գլխաւոր կազմակերպութեան` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնած են, որ առայժմ, Թուրքիա որեւէ տեսակի կատարուած իրողութեան դէմ է:
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը նշէ, որ նշեալ հանդիպումին ընթացքին թուրք պաշտօնատարները մարդասիրական օժանդակութիւններու հիւսիսային Սուրիոյ քրտական շրջաններ հասնելուն օժանդակելու հարցով Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան խնդրանքը դրական կերպով ընկալած են, սակայն տակաւին շօշափելի արդիւնք չկայ:
«Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը յիշեցնէ, որ Մուսլիմ 14 օգոստոսին հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութենէն` ՄԻԹ-էն պաշտօնատարներու հետ: Ասիկա իր տեսակին մէջ երկրորդ հանդիպումն է: Առաջինը տեղի ունեցած էր յուլիսի վերջաւորութեան:
Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ 14 օգոստոսին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ թուրք պաշտօնատարներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին Մուսլիմ վերահաստատած է, որ իրենք ինքնավարութեան կամ անկախութեան չեն ձգտիր եւ թէ ապագային վերաբերեալ իրենց պահանջները պիտի հետապնդուին Սուրիոյ մէջ եւ «Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ որոշումը պիտի տրուի միասնաբար` բոլոր սուրիացիներուն հետ»:
Բայց եւ այնպէս, օրաթերթը կը նշէ, որ Գամիշլիէն հասած տեղեկութեանց համաձայն, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան համաղեկավարներէն Ասիա Ապուլլա 14 օգոստոսին յայտնած է, որ իրենք ինքնավարութեան յայտարարութեան երկրորդ հանգրուանին մէջ կը գտնուին:
Թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ մը «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած է, որ «անոր յայտարարութիւնները զիս պարտաւորութեան տակ չեն դներ: Մեր զրուցակիցը Մուսլիմն է եւ անցեալ հանդիպումին եւս Մուսլիմ մեզի ըսաւ, որ անոնք ներկայիս ինքնավարութիւն չեն պահանջեր: Անոնք տեղական ու ժամանակաւոր յանձնախումբ մը կը կազմեն իրենց ժողովուրդին կարիքները հոգալու համար: Ասիկա ընդունելի բան մըն է, այնքան ատեն, որ չեն փորձեր այս ժամանակաւոր կառոյցը «կատարուած իրողութեան» մարմինի մը վերածել»:

