«Աւելի Քան 50 Տարի Առաջ Նեւատա Անապատին Վերեւ Տեսնուած Թռչող Սկաւառակները «Եու.2» Լրտեսական Օդանաւեր Էին» Կը Բացայայտէ «Սի.Այ.Էյ.»-ը

«Եու. 2» լրտեսական օդանաւը

Միացեալ Նահանգներու Նեւատա անապատին վերեւ թռիչք կատարած թռչող սկաւառակներու շուրջ տարաձայնութեանց տարածումէն աւելի քան 50 տարի ետք, «Սի.Այ.Էյ.»-ը բացայայտեց, որ «այն, ինչ որ շրջանի երկինքին վրայ տեսնուած էր, իսկութեան մէջ «Եու.2» տիպի լրտեսական օդանաւեր էին, որոնց արդիականացման համար աշխատանք կը տարուէր»:

«Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանին հրապարակած փաստաթուղթերը բացայայտեցին, որ վիճելի «շրջան թիւ 51»-ը, որ թռչող սկաւառակներու եւ այլ մոլորակայիններու գոյութեան շուրջ երեւակայութիւններու թափ տուած եւ հետագային շարժանկարներու մէջ օգտագործուած էր, իսկապէս գոյութիւն ունէր, սակայն այդ շրջանին վերեւ տեսնուած թռչող սարքերը լրտեսութեան օդանաւեր էին, որոնք Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, նախագահ Տուայթ Այզընհաուըրի հրամանով կ՛արդիականացուէին, եւ անցեալ դարու 50-ական թուականներուն անոնց փորձարկումը խորհրդային իշխանութիւններէն թաքցնելու նպատակով տեղի ունեցած էր Նեւատա անապատին մէջ:

50-ական թուականներուն ճամբորդական օդանաւերը 10-20 հազար ոտք բարձրութեան վրայ կը թռչէին, «Պի-47»-ի նման զինուորական օդանաւերը` 40 հազար ոտք բարձրութեան վրայ, իսկ «Եու.2» օդանաւերը թռիչք կատարած են 60 հազար ոտք բարձրութեան վրայ, ինչ որ ծնունդ տուած է Նեւատա անապատին երկինքին վրայ թռչող սկաւառակներու յայտնութեան տեղեկութեանց:

«Սի.Այ.Էյ.»-ի բացայայտած փաստաթուղթերը տեղեկութիւններ չէին բովանդակեր 1947-ի Ռոզուելի հռչակաւոր դէպքին մասին, որուն շատեր կը վերագրեն անջրպետէն թռչող սկաւառակի մը էջք կատարելը եւ այլ մոլորակայիններու դիակներու թաքցուիլը, հակառակ անոր որ բոլոր զեկուցումները ցոյց կու տան, որ շրջանին մէջ ջախջախուած սարքը կենսոլորտի ճշդման փուչիկ մըն էր:

Share this Article
CATEGORIES