Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Արսալ պիտի ըլլայ Հըզպալլայի թիրախը դարձող առաջին շրջանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա սուրիացի ժողովուրդը սպաննելով` ահաբեկչութեան ալիքները Լիբանան կը հասցնէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը ազգային է եւ կը միտի ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Պահիա Հարիրի պատասխանատու են Սայտայի մէջ ահաբեկչութիւնը ծածկելու քայլերուն:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ շեշտեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջանները ականահարելու միտումով Թրիփոլիի մէջ կը պատրաստուին մեծ թիւով ականներ, որոնք Սուրիական ազատ բանակին արտադրութիւններն են:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու պատասխանատուներ «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլա ճիգ պիտի չխնայէ Իսրայէլի հետ նոր պատերազմի մը սկսելու համար: Նոյն աղբիւրները մտավախութիւն յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ վերսկսին քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ սպանութիւնները:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին դիրքաւորուելու Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ եւ պաշտպանելու Արսալը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է վերադառնայ լիբանանեան պետութեան եւ վերջ տայ իրանեան որոշումներուն ենթարկուելու իրավիճակին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Լիբանանը կարելի չէ պաշտպանել զայն Սուրիոյ կռիւներուն միջամուխ դարձնելով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանան դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ` զինք թիրախ դարձնող դաւադրութեան եւ սադրանքներուն պատճառով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պայքարը համայնքային եւ յարանուանական բնոյթ ստացած է` Սուրիոյ պատերազմին պատճառով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, շաբաթ օրուան իր թիւին մէջ գրած էր, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր արտասանած ճառին ընդմէջէն Լիբանանը դէպի վտանգաւոր հանգրուան մը առաջնորդած է:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ յաւելեալ պայթումներ եւ սպանութիւններ պիտի գործուին` չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու միտումին պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES