Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովական Կառոյցները Համայնքայնացնելու Եւ Յարանուանականացնելու Փորձերուն Վերջ Տալու

Շերիֆ Ֆայեատի տուած մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը երէկ չեղեալ նկատեց Ալէյի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկը, որ նուիրուած պիտի ըլլար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման:

Ձեռնարկին փոխարէն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Շերիֆ Ֆայեատ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին արտասանեց կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի խօսքը, որ պիտի արտասանուէր Ալէյի ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին:

«Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներու համայնքայնացումը եւ յարանուանականացումը Լիբանանի պաշտպանութեան պարիսպները քանդող զօրաւոր հարուածներ են եւ մերժելի կը նկատուին: Ան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային շահերու կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը:

Ան հաստատեց, որ միայն այդ ձեւով կարելի է երկրին տագնապը լուծել», ըսաւ Ֆայեատ:

Ժոմպլաթի խօսքին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ սուրիական բանակին կողքին կռուող Դիմադրութեան զէնքին իրականութիւնը պատճառ մը չի հանդիսանար անտեսելու Դիմադրութեան նահատակները, այլ` «մենք կ՛ողջունենք այդ նահատակները, որոնք յուլիսեան պատերազմին ընթացքին նահատակուած են` իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ ռմբակոծումներուն պատճառով»:

Ժոմպլաթ ողջունեց նաեւ լիբանանեան բանակին նահատակները` շեշտելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Ժոմպլաթ իր խօսքը աւարտեց զօրակցութիւն յայտնելով սուրիական ընդդիմութեան եւ կոչ ուղղեց անոր միասնականացնելու իր զէնքը` ազգային եւ ժողովրդավարական ծրագիրի մը ներքեւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )