Փոլ Այանեան Կը Դատապարտէ

Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան խստիւ դատապարտեց Ռուէյսը թիրախ դարձուցած անարգ պայթումը եւ ընդգծեց, որ անիկա երկչոտ քայլ մըն է, որուն նպատակն է հարուածել քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ լիբանանցիներուն միջեւ գրգռութիւններ հրահրել:

«Սակայն լիբանանցիները փաստած են, որ իրենք երբեք չեն տարուիր իրենց դէմ նիւթուող սադրանքներով», ըսաւ ան:

Փ. Այանեան ցաւակցութիւն յայտնեց Ռուէյսի պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

«Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական բացթողումներն ու արիւնալի միջադէպերը կ՛ենթադրեն արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը», եզրափակեց Այանեան

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )