Ռուէյսը Թիրախ Դարձուցած Պայթումին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի, Իսկ Զոհերուն Թիւը Կը Բարձրանայ 27-ի
Անցեալ հինգշաբթի օր Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումին պատճառած քանդումն ու աւերը մաքրելու, վնասները արձանագրելու եւ շրջանին բնակիչներուն իրենց բնակարանները վերադառնալու աշխատանքները շարունակուեցան անցեալ շաբաթավերջին:
Բանակին, ապահովութեան ուժերուն, դատական իշխանութիւններուն եւ քաղաքապետութեան կողմէ պայթումին պատճառած վնասները արձանագրելէ ետք, Պէյրութի հարաւային արուարձաններու փոխքաղաքապետ Ահմետ Հաթում յայտնեց, որ Ռուէյսի պայթումին պատճառով վնասուած են 20 բնակելի շէնքեր:
Այս աշխատանքին զուգահեռ լիբանանեան բանակը ներխուժեց Հարաւային արուարձաններ եւ «Մանար» պատկերասփիւռի նախկին կեդրոնին մօտակայ շէնքին մէջ խուզարկութիւններ կատարեց` ձերբակալելու համար Ահմետ Թահա անունով պաղեստինցի մը, որ ծրագրած է Հարաւային արուարձաններուն դէմ հրթիռարձակումը, ինչպէս նաեւ նոյն շրջանին դէմ այլ յարձակումներ:
Բանակը Պըրժ Պարաժնէի մէջ ներխուժեց նաեւ բջիջային հեռաձայնի յատուկ վաճառատուն մը, որ կը պատկանէր Ահմետ Թահայի:
Բանակը Թահայի բնակարանէն եւ վաճառատունէն գրաւեց համակարգիչներ, խտասալիկներ, թղթածրարներ, «Այ. Փէտ»-ներ, «Եու. Էս. Պի.»-ներ եւ բջիջային հեռաձայններ:
Մինչ բանակը կը կատարէր իր այս աշխատանքը, Հարաւային արուարձաններու բնակիչները կը վերադառնային իրենց բնակարանները` հաստատելով, որ իրենք պիտի վերադառնան ու բնակին Հարաւային արուարձաններուն մէջ, հակառակ այդ շրջանը թիրախ դարձնող ահաբեկչական գործողութիւններուն:
Հարաւային արուարձաններու Ռուէյս շրջանի այցելուներէն եղան Սայտայի իմամներէն շէյխ Մահեր Համմուտ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Պաապտայի մասնաճիւղէն պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ:
Շէյխ Համմուտ շեշտեց, որ նման ոճիրներ եւ սպանդներ գործելով կրօնը պաշտպանելու պատրուակներ փնտռող կողմերը Մոհամետ մարգարէի կողմէ որակուած են անկրօններ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ կեանքը սիրելու եւ գոյատեւելու կամքը շատ աւելի զօրաւոր է, քան ինչ որ պատահած էր, եւ այդ հզօր կամքին ներկայացուցիչն է Դիմադրութեան զօրակցող բնակչութիւնն ու անոր հետեւորդները:
Ռուէյսի մէջ արձանագրուած քանդումը վերացնելու աշխատանքին ընթացքին բացայայտուեցաւ նաեւ երեխայի մը դիակը, ինչպէս նաեւ գտնուեցան մարմիններու մնացորդներ, որոնք փոխադրուեցան «Պահման» հիւանդանոց` «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան ենթարկուելու համար:
Նշենք, որ Ռուէյսի պայթումին պատճառած զոհերուն թիւը հասաւ 27-ի, իսկ վիրաւորներունը` 336-ի:
Պէտք է աւելցնել, որ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ռուէյսի պայթումի վայրին մէջ տեղի ունեցաւ պսակի արարողութիւն մը, որ խորհրդանշական էր` շեշտելու համար ահաբեկչութեան դէմ դնելու կեցուածքը, ինչպէս նաեւ դրսեւորելու ապրելու եւ գոյատեւելու հզօր կամքը: Հարսը եւ փեսան պայթումի վայրին մէջ ծաղկեպսակներ զետեղեցին:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը տեսանիւթի մը միջոցով ներկայացուց Ռուէյսի պայթումին մանրամասնութիւնները` տեղեկացնելով, որ պայթած ռումբը կը կշռէր 400 քկ: Ինքնաշարժը պայթեցուած է հեռավարով:
Ռուէյսը Թիրախ Դարձնող Ականահարման
Յառաջացուցած Հակազդեցութեան Ալիքը
Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Հատքան խստիւ դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը, որ պատճառած էր մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ան աւելցուց, որ Լիբանան մաս կը կազմէ բարդ ծրագիրի մը, որ ուղղակիօրէն կ՛ազդուի Սուրիոյ դէմ գործադրուող դաւադրութենէն եւ կը միտի յարանուանական լարուածութիւններ հրահրել` հարուածելու համար Դիմադրութիւնը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի դատապարտեց Ռուէյսը հարուածած պայթումը` հաստատելով միաժամանակ, որ Ռուէյսի մէջ գործուածը քստմնելի ոճիր է, «սակայն Հըզպալլայի կողմէ Սուրիոյ մէջ ծաւալած պատերազմը եւս անարգ ոճիր կը նկատուի», ըսաւ ան:
Հարիրի ըսաւ, որ եթէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կը փափաքի ուրիշը անհաւատ նկատող ուժերուն դէմ պայքարիլ, ապա ան պէտք է խորհրդակցի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Ռուէյսի նահատակներուն հարազատներուն հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց` շեշտելով, որ Ռուէյսի պայթումին զոհերը Լիբանանի նահատակներն են:
Սինիորա կոչ ուղղեց կառչած մնալու լիբանանեան ազգային միասնականութեան, լիբանանեան Ազգային համերաշխութեան եւ գոյակցութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային ուխտին, որ վաւերացուած էր Թաէֆի համաձայնագիրով:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Ռուէյսի պայթումը վերջինը պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ կան յստակ տեղեկութիւններ եւ տուեալներ, թէ Լիբանան հասած են ականուած ինքնաշարժներ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան ահաբեկչութեան թիրախ սկսած է դառնալ, նախքան Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:
Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Թերսիսիօ Պերթոնի խստիւ դատապարտեց Ռուէյսի պայթումը, որ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա դատապարտեց Ռուէյսը թիրախ դարձուցած պայթումը` շեշտելով, որ Լիբանանի դէմ նիւթուած այս սադրանքներէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է:
Ամալ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Քապալան Քապալան ընդգծեց, որ Հարաւային արուարձանները ականահարման թիրախ դարձնող կողմին նպատակն է հարուածել Դիմադրութեան ծրագիրը:
Պեքաայի մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի յայտնեց, որ ականուած ինքնաշարժները Դիմադրութիւնը ահ ու սարսափի չեն կրնար մատնել` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը ի վերջոյ իր նպատակին պիտի հասնի:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը մեծ թիւով անձեր ձերբակալած է` Ռուէյսի ականահարումը գործելու կասկածով:
Նշենք, որ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն դէմ երկու հարուածները նոյն ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ ծրագրուած են:



