Նախագահ Սլէյման Դրուատեց Ապահովական Կառոյցներուն Ջանքերը Եւ Համագործակցութեան Կոչ Ուղղեց Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարներուն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ դրուատեց ապահովական կառոյցներուն ջանքերը` ականուած եւ պայթուցիկ նիւթեր փոխադրող ինքնաշարժ մը բացայայտելու անոնց իրագործած նուաճումին համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց հրթիռարձակումը կազմակերպող եւ գործադրող յանցագործներուն ինքնութեան բացայայտումը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց Ռուէյսը թիրախ դարձուցած պայթումին ծալքերը բացայայտելու եւ յանցագործները պատժելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է հետապնդել այդ դէպքին մեղսակցող եւ նման արարքներ նախապատրաստող բոլոր յանցագործները:
Նախագահ Սլէյման համագործակցութեան կոչ ուղղեց նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն, որպէսզի երկրին ապահովական կայունութեան զօրակցին եւ կարենան ամրապնդել զայն: Ան նշեց, որ երկրին մէջ արձանագրուած լարուածութեան պատճառով է, որ արիւնալի միջադէպեր կը պատահին:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատելը, որուն հետ քննարկեց Ռուէյսի պայթումին հետաքննութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ եւ տուեալներ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:


