Նաամէի Մէջ Կը Բացայայտուի Ականներ Եւ Պայթուցիկ Նիւթեր Կրող Ինքնաշարժ Մը

Ականուած ինքնաշարժը

Շաբաթ երեկոյեան ներքին ապահովութեան ուժերը Նաամէի բնակիչներէն ստացան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն հիման վրայ անոնց փոխանցուեցաւ իրենց մտահոգութիւնը եւ կասկածը` իրենց շէնքին մօտ գտնուող անծանօթ ինքնաշարժի մը մասին:

Ներքին ապահովութեան ուժերը փութացին այն կառատունը, ուր կը գտնուէր կասկածելի ինքնաշարժը: Քննելէ ետք զայն, ներքին ապահովութեան ուժերը հաստատեցին, որ Նաամէի քաղաքապետարանին մօտակայ շէնքին բնակիչներուն կասկածը տեղին է:

Ինքնաշարժը «Օտի» տիպի արծաթագոյն ինքնաշարժ մըն է, որ կը կրէ 327527 (Ժ) թիւը, որ կեղծուած թիւ մըն է եւ կը վերաբերի գողցուած «Հոնտա» տիպի ինքնաշարժի մը:

Ինքնաշարժին մէջ կար չորս սնտուկ «Թի. Էն. Թի.» եւ երեք տոպրակ բորակատ (նիթրաթ), ինչպէս նաեւ պայթուցիչներ, պայթուցիչի յատուկ ժամացոյց մը, ինչպէս նաեւ անթել դրութեամբ հեռուէն պայթեցուելու սարքեր:

Գրաւուած ինքնաշարժին մէջ գտնուող պայթուցիկ նիւթերը 250 քիլոկրամ էին, սակայն ըստ ապահովութեան ուժերուն այդ ինքնաշարժը ականուած չէր եւ պատրաստ չէր պայթելու:

Միւս կողմէ, սակայն, ապահովութեան ուժերը շեշտեցին, որ ինքնաշարժին դռներուն մէջ ականներ գտնուած են եւ անոնք անմիջապէս վնասազերծուած են բանակին սակրաւորներուն կողմէ:

Զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչի պաշտօնակատար, դատախազ Տենի Զըհըննի ուղղուեցաւ ինքնաշարժին գտնուած վայրը եւ պահանջեց, որ ոստիկանական շուներ ստուգեն ինքնաշարժը. այդ ստուգման իբրեւ արդիւնք կարելի եղած էր բացայայտել ինքնաշարժին դռներուն մէջ գտնուող ականները:

Դատախազ Զըհըննի պահանջեց նաեւ ամբողջական հետախուզութիւն կատարել Նաամէի շրջանին մէջ արձանագրուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն շուրջ, ինչպէս նաեւ ստուգել շրջանին մէջ զետեղուած քամերաները` բացայայտելու համար այդ ինքնաշարժը Նաամէ հասցուցած անհատին ինքնութիւնը:

Ներքին ապահովութեան եւ բանակին կողմէ բացուած հետաքննութիւնը կը շարունակուի:

Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, բացայայտուած ինքնաշարժը այն ինքնաշարժներէն մէկն է, որ նախատեսուած էր Պէյրութի Հարաւային արուարձաններ ուղղուիլ` ահաբեկչական այլ գործողութիւն մը կատարելու նպատակով:

Երէկ կէսօրէ ետք ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ կրցած է ձերբակալել չորս անձերէ բաղկացած ահաբեկչական բջիջ մը, որ ուղղակիօրէն կապուած է ականուած ինքնաշարժներ պատրաստող ցանցի մը:

ՄԻՒՍ կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Նաամէի մէջ գրաւուած ինքնաշարժին մէջ գտնուած է նաեւ հինգ քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ մը, որուն տեսակը անյայտ է:

 

Share this Article
CATEGORIES