Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Այցելեց Շուշիի Երկրաբանական Թանգարան
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 օգոստոսին այցելեց Շուշի քաղաքին մէջ կառուցուող երկրաբանական թանգարան եւ ծանօթացաւ այնտեղ տարուող աշխատանքներուն:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց նման հաստատութեան առկայութիւնը Արցախի մէջ` նշելով, որ Արցախի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ստեղծուի նմանատիպ թանգարան, եւ անիկա պիտի դառնայ կարեւոր գիտակրթական եւ զբօսաշրջական կեդրոն:
Նախագահը յստակ յանձնարարականներ տուաւ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելեծ նաեւ Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարան եւ ներկայ գտնուեցաւ Հատրութի շրջանի Տող գիւղի դպրոցի հաշուետու համերգին: Կարեւոր նկատելով այս ձեռնարկներուն կայացումը Շուշիի մէջ` նախագահը նշեց, որ նման նախաձեռնութիւնները մեծապէս կը նպաստեն Շուշիի` Արցախի պատմամշակութային կեդրոնի երբեմնի փառքը վերականգնելու գործին:

