Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Մեկնաբանեց Գերիներու Փոխանակման Առաջարկը
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեկնաբանեց ազրպէյճանցի գերի Ֆիրուզ Ֆարաճովի հետ 8 օգոստոսին ազրպէյճանական տարածքին մէջ գերեվարուած հայ զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանի փոխանակման հարցը քննարկելու պատրաստակամութեան մասին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Էլտար Սապիրօղլու տեղական լրատուամիջոցներուն ըսաւ, որ իրենց յայտնի է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, ապա շարունակեց. «Ֆիրուզ Ֆարաճովը գերութեան մէջ է մէկ տարիէ աւելի: Հայկական լրատուամիջոցները, յենելով Ֆիրուզ Ֆարաճովի հարցազրոյցին վրայ, կրնան հաստատել, որ ան համաձայն հրահանգի մշտապէս յայտարարած է երրորդ երկիր մեկնելու իր ցանկութեան մասին: Այժմ ի՞նչ փոխուեցաւ յանկարծ: Դժուար չէ հասկնալ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հանդէս գալը նման յայտարարութեամբ, ի հարկէ, կապուած է Յակոբ Ինջիղուլեանի գերեվարման հետ: Չեմ ցանկար որեւէ դիրքորոշում արտայայտել այդ հարցին առնչութեամբ, քանի որ այդ հարցով կը զբաղի Ազրպէյճանի համապատասխան կառոյցը»: