«Մեզի Համար Թերեւս Ամէնէն Ձեռնտուն Պիտի Ըլլար Ընտրութեան Ալիեւի Յաղթանակը» Կ՛ըսէ Նախագահ Սարգսեան
Շաբաթ օր Ծաղկաձորի մէջ «Բազէ-2013» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան Հայաստանի համար ո՞վ է նախագահի ամէնէն նախընտրելի թեկնածուն, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, որ Հայաստանի եւ ոչ միայն Հայաստանի համար ժողովրդավարութեան ճամբով ընթացող դրացիները ձեռնտու են:
«Այստեղէն ալ եզրակացութիւն, որ իբրեւ դրացի, յատկապէս իբրեւ բանակցային գործընկեր` մեզի միանշանակ ձեռնտու է ժողովրդավարական Ազրպէյճանը», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
«Բայց եթէ այս հանգամանքը մէկ կողմ դնենք, հարցումին պատասխանը հետեւեալն է` մեզի համար թերեւս ամէնէն ձեռնտուն պիտի ըլլար, որ գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւը յաղթէր», յայտարարեց նախագահ Սարգսեան` մանրամասնելով. «Մենք անկախ անկէ, որ դժուարին, բայց երկար բանակցային ճամբայ անցած ենք: Եւ գրեթէ ուրուագծուած է խնդիրի լուծման ճամբան` գոնէ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն առաջարկած սկզբունքները հրապարակաւ ընդունուիլը: Անոնց շուրջ արդէն չորս տարի է աշխուժ բանակցութիւններ կը վարենք»:
«Ճիշդ է հիմա ես չեմ ըսեր, որ բանակցային հոլովոյթը շատ աշխուժ կ՛ընթանայ, բայց այնուհանդերձ բաւական ճամբայ անցած ենք, եւ եթէ ընտրութենէն ետք Իլհամ Ալիեւ կարենայ կամք դրսեւորել եւ վեր կանգնիլ հայատեացութեան իր այդ մոլուցքէն, ես կը կարծեմ` մեզի համար ամէնէն ընդունելի եւ նախընտրելի տարբերակը ատիկա է», նշեց Հայաստանի նախագահը: