Զինադադարի 350 Խախտում` Մէկ Շաբթուան Մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 11-17 օգոստոս Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութիւնը խախտուած է 350 անգամ. տարբեր տրամաչափի զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1800 կրակոց:

«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք առաջնագիծին վրայ հակառակորդին աշխուժութիւնը կասեցուած է եւ հայ դիրքապահները շարունակած են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւնը», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES