Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Այսօր դժուարութիւն կրնաք ունենալ ձեր մտադրած աշխատանք մը կամ այլ ծրագիր մը իրագործելու: Համբերեցէք աւելի լաւ առիթի մը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շուրջը խառնակ կամ շփոթ վիճակ մը կայ, կրնաք թօթափել եւ յանձնուիլ իմաստութեան թելադրանքին: Հապճեպ որոշում մի՛ տաք որեւէ ատեն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ տեղափոխութեան կամ ճամբորդութեան ժամանակամիջոցին չգտնէք ձեր պատկերացուցած վայրը կամ շրջապատը, մի՛ նեղուիք: Այս ալ նկատեցէք փորձառութիւն մը: «Հեռուի թմբուկը զօրաւոր կը հնչէ» կ՛ըսեն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ որեւէ տեղ պիտի երթաք, լաւ հաշիւ ըրէք ըստ ձեր պիւտճէին կարելիութեան, մանաւանդ երբ ճամբորդութեան մէջ էք: Յարգեցէք ձեր նախասիրութեան պահանջները եւ մնացէք խոհեմ, ուշադիր` ձեր գրպանին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ բնական է, որ ունենաք մեկուսանալու, առանձնանալու պահեր. այսուհանդերձ, ձեր քով եկողները մերժելու չափ պէտք է ըլլայ առանձնացումը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ձեր շուրջը երեխաներ կամ պարման տարիքի անձեր կան, անոնց տուէք «գրպանի դրամ», որպէսզի աւելի օգնեն ձեզի եւ ուրախանան:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր սովորական հարցերը մէկ կողմ դրէք եւ դուք ձեզի պարտադրեցէք մարզանքը, որպէսզի ըլլաք աւելի առողջ: Նստակեաց ըլլալը վնասակար է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հարազատներու վերագտնում մը ընտանեկան ուրախութիւն պիտի բերէ: Կրնաք համեղ ճաշով մը սեղանի մը շուրջ խմբուիլ, զուարճանալ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դիւանագիտութեան կարեւորութիւն տուէք, որպէսզի ձեր աշխատանքին եւ ձեր ընկերային շրջանակին մէջ առաւել յարգանքի արժանանաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ անօգուտ գնում մը կատարած էք եւ` ձեր դրամը զուր տեղ ծախսած, մի՛ ջղայնանաք, ոչ ալ անտրամադիր եղէք: Պատահական բաներ են:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ կարծէք, որ ամէն բան արտօնուած է կատարել ձեզի: Կան կեանքի ու կենցաղի օրէնքներ, զորս պէտք է յարգէք, պահէք անպայման:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անհանգստութիւն մը կամ անպատեհութիւն մը թեթեւի մի՛ առնէք: Ուշադիր եղէք օրուան ընթացքին կենցաղավարական հարցերու կիրարկման:

Share this Article
CATEGORIES