Սպանիոյ Գերբաժակի Մրցումները Պիտի Պատկերասփռուին Հայաստանի Մէջ

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան 21 եւ 28 օգոստոսին, պիտի պատկերասփռուին Հայաստանի մէջ:

Վերոնշեալ թուականներուն տեղի ունենալիք մրցումները իրարու դէմ պիտի հանեն ախոյեան Պարսելոնան եւ բաժակակիր Աթլեթիքօ Մատրիտը:

Այս մրցումները պիտի պատկերասփռուին «Լայմ» պատկերասփիւռի ընկերութեան կողմէ: Առաջին մրցումին հաղորդավարը պիտի ըլլայ Վահան Դանիէլեան, իսկ երկրորդինը` Սուրէն Բաղդասարեան:

Նշենք, որ երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Մատրիտի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )