«Էն. Պի. Էյ.». Միլուոքի Նոր Պայմանագիր Կնքեց Սանտերսի Հետ
Միլուոքի Պաքսի մարզիկներէն Լերի Սանտերս 4 տարուան նոր պայմանագիր մը կնքեց իր ակումբին հետ, որուն ընթացքին ան 44 միլիոն ամերիկեան տոլար աշխատավարձ պիտի ստանայ:
Այս լուրը հրապարակած է «Սփոր Էքսփրես»` իր տեղեկութիւնը քաղելով ամերիկեան լրատուամիջոցներէն, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
Նախորդ տարեշրջանին երիտասարդ մարզիկը դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի յայտնութիւններէն մէկը: Ան իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին միջին հաշիւով նշանակեց 9,8 կէտ:
CATEGORIES Մարզական