Հենրիխ Մխիթարեան Չտպաւորեց Արսէն Վենկերը
News.am Sport հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտի նորեկ մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան չէ տպաւորած Լոնտոնի Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկերը:
«Մարդիկ կը գովաբանեն Պորուսիայի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական հանգրուան հասնիլը: Բայց անոր ամէնէն սուղ արժած փոխանցումը` Հենրիխ Մխիթարեանը, զիս չտպաւորեց», Վենկերի այս խօսքերը մէջբերեց «Տը Թելեկրաֆ»:
Նշենք, որ այս ամրան ընթացքին Վենկեր ոեւէ մարզիկ իր կազմին չմիացուց, բացի 20 տարեկան Եայա Սանոքոյէն, որ Օսերիցէն ազատ փոխանցումով միացաւ անոր կազմին:
Մխիթարեան, որ փոխան 27,5 միլիոն եւրոյի միացաւ Պորուսիա Տորթմունտին, հանդիսացաւ ակումբին պատմութեան մէջ ամէնէն սուղ արժած ձեռքբերումը:
CATEGORIES Մարզական