Թենիս. Հայրենի Մարզիկները Չկրցան Յաջողութիւն Ձեռք Ձգել

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ աւարտեցաւ նախագահի բաժակի թենիսի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 10 երկիրներու 18 տարեկանէն վար մարզիկները:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ», 2-րդ հանգրուանէն անդին չկրցաւ անցնիլ Մարիամ  Բայաթեան – Լուսինէ Չոպանեան զոյգը:

Պարտութիւն կրեց նաեւ Սուրէն Բաղդասարեան – Արշակ Ղազարեան զոյգը` 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով:

Վերջապէս, պատանիներու անհատական մրցաշարքին Բաղդասարեան կիսաւարտականին պարտուեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES