«Ես Արժանի Եմ Ոսկիէ Գնդակին Եւ Ոչ Թէ Մեսսին Կամ Ռոնալտոն» Կ՛ըսէ Ռիպերի
Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ֆրանք Ռիպերի կը կարծէ, որ այս տարի ինք արժանի է Եւրոպայի լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին:
«2012-2013 տարեշրջանը ամբողջացուցած եմ` ներկայացնելով բաւական լաւ խաղարկութիւն եւ տուած եմ առաւելագոյնս: Եղած եմ միշտ սքանչելի մարզավիճակի մէջ եւ տիրացած առաւելագոյն տիտղոսներուն: Թէեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Լիոնել Մեսսի ինձմէ աւելի կոլ նշանակած են, սակայն անոնք ինծի նման հեթրիք չեն յաջողած իրագործել: Անոնք երկուքն ալ հիանալի ֆութպոլիստներ են, սակայն ոսկիէ գնդակին տիրանալու իմ կարելիութիւններս աւելի մեծ են», Ռիպերիի խօսքերը մէջբերած է գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթը:
CATEGORIES Մարզական

