Ճատրակ. Փոպլա Տը Լիլեթի Մրցաշարք. Կարէն Մովսիսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ
Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Փոպլա տը Լիլեթի (Սպանիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 2-րդ:
Armchess.am կ՛աւելցնէ, որ տիտղոսին տիրացաւ սպանացի Լուիս Ալպերթօ Կոմես, որ ապահովեց 7,5 կէտ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 92 ճատրակ խաղացողներ:
CATEGORIES Մարզական