Տիգրանակերտի Մէջ Քիւրտ Ընտանիքներու Միջեւ Բախումներ
Տիգրանակերտի մէջ քրտական գերդաստաններու միջեւ արձանագրուած հերթական արիւնալի բախում մը ութ զոհ պատճառած է:
Տեղական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Տիգրանակերտի նահանգին երբեմնի հայաբնակ Հազրօ գաւառի Չիֆթլի Պաղ գիւղին մէջ ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկէն երեք երիտասարդներ հեռացած են տունէն` միանալու համար Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն:
Քիւրտ երեւելի ընտանիքին աւագները` դժգոհելով այդ փաստէն, պատասխան պահանջած են ՔԱԿ-ի զինեալներու տեղական ներկայացուցիչներէն: Զրոյցը վերածուած է վէճի, որմէ ետք ալ` արիւնալի բախումի, որուն պատճառով ութ մարդիկ, ներառեալ` երկու կիներ սպաննուած են, իսկ 9 մարդիկ վիրաւորուած են ու շրջանային հիւանդանոցներ տեղափոխուած:
Հազրօ աւանը եւ նոյնանուն գաւառը պատմական հայկական բնակավայրերու խումբ է, որուն մասին առաջին յիշատակութիւնները կու գան 15-րդ դարէն: Հայկական գիւղերը յարձակումներու ենթարկուած են եւ թալանուած 1895-1896-ի համիտեան ջարդերուն ընթացքին, ապա ամբողջովին հայաթափուած 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ:
Այս շրջաններուն մէջ քիւրտերու միջգերդաստանական բախումները նախապէս ալ արձանագրուած են: Այս տարուան 28 յուլիսին Տիգրանակերտի Պիսմիլ շրջանի զոյգ դրացի գիւղերու քիւրտ երկու գերդաստաններ հողային վէճէ ետք ունեցած էին զինեալ բախում մը, որուն պատճառով երկու կողմէն սպաննուած էին ութ անձեր եւ վիրաւորուած չորս ուրիշներ:
Ատկէ շաբաթներ առաջ այլ բախում մը արձանագրուած էր Մշոյ նահանգի երբեմնի հայաբնակ Պուլանըխ շրջանին մէջ: Այստեղ եւս հողի շուրջ վէճի պատճառով քիւրտ երկու ընտանիքներէ եօթը զոհեր եւ շուրջ տասնեակ մը վիրաւորներ արձանագրուած էին:
Աւանդաբար, քիւրտերու շրջանակին մէջ այսպիսի գերդաստանային բախումներուն կը յաջորդէ արեան վրէժը, որ կրնայ տասնամեակներ տեւել:

