«Սի.Այ.Էյ.» Իրանի Մէջ 1953-ի Յեղաշրջումին Գծով Իր Պատասխանատուութիւնը Կը Խոստովանի
«Սի.Այ.Էյ.»-ը առաջին անգամ ըլլալով խոստովանեցաւ 1953-ին Իրանի մէջ ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած Մոհամետ Մուսատեղի դէմ տեղի ունեցած յեղաշրջումին իր պատասխանատուութիւնը:
Ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ 19 օգոստոս 1953-ի յեղաշրջումին «Սի.Այ.Էյ.»-ի եւ Բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան մեղսակցութեան մասին զրոյցներէն 60 տարի ետք, հրապարակուեցաւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի պատմագիրին կողմէ պատրաստուած ներքին զեկուցում մը, որ կը կրէր «Իրանի ճակատամարտը» խորագիրը: Զեկուցումին մէջ ան կը խոստովանի, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները մեղսակից էին յեղաշրջումին:
Նշեալ փաստաթուղթը իրականութեան մէջ արդէն հրապարակուած էր 1981-ին, սակայն օրին չէր պարունակեր «գաղտնի գործողութիւն» խորագիրը կրող երրորդ պարբերութիւնը, որ կը նկարագրէ յեղաշրջումը:
Բայց եւ այնպէս, զեկուցումին մեծամասնութիւնը տակաւին գաղտնի կը մնայ, սակայն այն, ինչ որ «Ֆորէյն Փոլիսի» ձեռք ձգած է, կը հաստատէ, որ «Սի.Այ.Էյ.» մեղսակից էր յեղաշրջումին:
Զեկուցումին երրորդ պարբերութեան մէջ նշուած է, որ «Մուսատեղն ու անոր Ազգային ճակատի կառավարութիւնը տապալած յեղաշրջումը «Սի.Այ.Էյ.»-ի ցուցմունքներով էր` նկատի ունենալով, որ արտաքին քաղաքականութեան արարք մըն էր»` աւելցնելով, որ «Իրանը խորհրդային յարձակումի վտանգին ենթակայ ձգելը Միացեալ Նահանգները մղեց «Աժաքս» գործողութիւնը ծրագրելու եւ գործադրելու»:
Նշենք, որ «Աժաքս»-ը յեղաշրջումի ձեռնարկման ծածկագիրն էր:

