Իսրայէլ Իր Քաղաքացիները Կը Զգուշացնէ Սինայի Թերակղզի Եւ Թուրքիա Այցելելէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակին կից «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խմբակ»-ը սեպտեմբեր ամսուան մէջ հրէական նոր տարուան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ 11 սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումներու տարելիցին նախօրեակին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Իսրայէլի քաղաքացիները զգուշացուց այցելելէ շարք մը երկիրներ, ներառեալ` Եգիպտոս, մասնաւորաբար Սինայի թերակղզին եւ Թուրքիա:

Խմբակը իսրայէլացի քաղաքացիներէն խնդրեց Թուրքիա, Քենիա, Նիկերիա եւ Ազրպէյճան չայցելել, իսկ «ներթափանցման արգիլման» օրէնքին համաձայն, կ՛արգիլուի նաեւ այցելել Սուրիա, Իրաք, հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններ, Իրան, Լիբանան, Եմէն եւ Սէուտական Արաբիա:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ հրէական յառաջիկայ տօները ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն համար իսրայէլեան եւ հրէական թիրախներու դէմ յարձակումներու առիթ կրնան ընծայել:

Հաղորդագրութեան մէջ իսրայէլացի քաղաքացիները զգուշացնելու պատճառներէն իբրեւ մէկը կը նշուի «Իրանի եւ Հըզպալլայի կողմէ աշխարհի տարածքին իսրայէլեան եւ հրէական թիրախներու դէմ համաշխարհային ահաբեկչական արշաւի շարունակումը»:

Խմբակը կը շեշտէ, որ Սինայի թերակղզիին մէջ տեղի ունեցող բուռն բախումներուն պատճառով պէտք չէ այդ շրջանը այցելել:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ քաղաքացիներուն կը թելադրէ Թունուզ չայցելել, որովհետեւ իսրայէլեան ու հրէական թիրախներու դէմ յարձակումներ գործելու սպառնալիքներ գոյութիւն ունին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )