«30 Միլիոն Եգիպտացիներու Ըմբոստութիւնը Կարելի Չէ «Զինուորական Յեղաշրջում» Նկատել» Ըսաւ Սէուտ Ֆայսալ

Սէուտ Ֆայսալ իշխանը

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ յայտնեց, որ Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին տուած իր այցելութեան նպատակը ֆրանսացի գործընկերներու հետ Եգիպտոսի իրադարձութիւնները քննարկելով անոնց վերաբերեալ ոչ թէ ենթադրութեանց, այլ իրողութեանց վրայ հիմնուած կեցուածք մը որդեգրելն էր:

Ան սէուտական լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածը 30 յունիսին 30 միլիոն եգիպտացիներու կանխահաս նախագահական ընտրութիւններ կատարելու կամքին արտայայտութիւնն է, որ արդիւնք է տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային կացութեանց անկումին, ինչ որ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային ուժերը մղեցին ի մի խմբուելով յայտարարելու ճամբու քարտէս մը, որ Եգիպտոսը տագնապէն դուրս կը բերէ, որովհետեւ նախկին նախագահութիւնը մերժեց ընդառաջել եգիպտացի ժողովուրդին փափաքին: «30 միլիոն եգիպտացիի ըմբոստութիւնը բացարձակապէս կարելի չէ զինուորական յեղաշրջում նկատել, որովհետեւ զինուորական յեղաշրջումները խաւարին մէջ տեղի կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ իշխանութիւնը ստանձնած է քաղաքային նախագահութիւն մը, ինչ որ սահմանադրութեան համահունչ է», ընդգծեց իշխանը:

Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ իր երկիրը խորապէս կը ցաւի` տեսնելով Եգիպտոսի զարգացումները, որոնց պատասխանատու նկատեց այն հոսանքները, որոնք եգիպտացի ժողովուրդին կամքին ենթարկուիլ կը մերժեն եւ Ազհարի շէյխին ձեռնարկած հաշտութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները, արաբական ու միջազգային բոլոր կոչերը կը մերժեն, Եգիպտոսի հրապարակներուն վրայ նստացոյցեր կատարելով երկրին կեանքը անշարժացուցին, բնակչութիւնը ահաբեկեցին, զէնք ու զինամթերք ամբարեցին եւ կիներն ու մանուկները իբրեւ մարդկային վահաններ օգտագործեցին:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը ողջունեց Ռապիա Ատաուիյա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայի նստացոյցերը ցրուելու եգիպտական կառավարութեան քայլը եւ ցաւ յայտնեց մզկիթներու եւ եկեղեցիներու հրկիզման համար:

Սէուտ Ֆայսալ իշխանը ցաւ յայտնեց Եգիպտոսի իրադարձութեանց նկատմամբ միջազգային կեցուածքներուն առնչութեամբ` նշելով, որ եթէ այդ կեցուածքները շարունակուին, Սէուտական Արաբիան, արաբական ու իսլամական աշխարհները զանոնք ոչ միայն պիտի չմոռնան, այլեւ արաբ ու իսլամ ժողովուրդներուն շահերուն ու կայունութեան դէմ թշնամական կեցուածք պիտի նկատեն, որովհետեւ կարելի չէ, որ Եգիպտոս վնասուի եւ Սէուտական Արաբիան լուռ մնայ:

Ան աւելցուց, որ Եգիպտոսի նկատմամբ այդ ժխտական կեցուածքը որդեգրած իւրաքանչիւր երկիր թող գիտնայ, որ քանդումն ու անկարգութիւնը միայն Եգիպտոսով պիտի չբաւարարուի, այլ պիտի վարակէ բոլոր անոնք, որոնք նպաստեցին կամ կանգնեցան այդ անկարգութեանց կողքին:

Սէուտ Ֆայսալ իշխանը ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութիւնը, կառավարութիւնն ու ժողովուրդը միշտ Եգիպտոսի կողքին պիտի կանգնին, եւ արաբական պետութիւնները պիտի չընդունին, որ միջազգային ընտանիքը անոր ճակատագիրին հետ խաղայ կամ անոր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վտանգէ: «Կը մաղթեմ, որ միջազգային ընտանիքը Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին պատգամին բովանդակութեան ծանօթանայ եւ գիտակցի, թէ Սէուտական Արաբիան լուրջ է եւ իր ապահովութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնելու համար եգիպտացի ժողովուրդին աջակցելու պիտի չզլանայ»:

Սանաայի մէջ Եգիպտոսի դեսպանը այցելեց Եմէնի արտաքին գործոց նախարար Ապու Պաքր Քըրպիի եւ անոր յանձնեց Եգիպտոսի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմիէն նամակ մը:

Եմէնի դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Եգիպտոսի ապահովութիւնը Եմէնի ապահովութիւնն է»` յոյս յայտնելով, որ Եգիպտոս «իր տագնապէն դուրս գայ երկխօսութեան եւ ոչ թէ բռնութեան ճամբով»:

Իրաքի վարչապետի մամլոյ խորհրդական Ալի Մուսաուի յայտարարեց, որ «Իրաք իր բոլոր կարելիութիւնները կը տրամադրէ Եգիպտոսի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը պաշտպանելու»: Ան ըսաւ, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր եգիպտացի գործընկերոջ` Հազեմ Պեպլաուիի հետ եւ Եգիպտոսի նկատմամբ աջակցութիւնն ու ահաբեկչութեան դէմ անոր կողքին կանգնիլը շեշտած է:

Մուսաուի յայտնեց, որ «իրաքեան կառավարութիւնը այլ պետութեանց կոչ կ՛ուղղէ  տարակարծութիւնները հրահրելու եւ սադրանքի ու ծայրայեղութեան ոգի սփռելով իր սեփական շահերը իրագործելու համար Եգիպտոսի ներքին գործերուն միջամտելէն դադրելու»:

Մինչ այդ, Սինայի մէջ ծայրայեղականներու կողմէ գործուած յարձակումի մը ընթացքին եգիպտացի 25 ոստիկաններ սպաննուեցան եւ 2 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Յարձակումին լոյսին տակ` Եգիպտոս պաղեստինեան կողմին հաղորդեց, որ Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ Ռաֆահի անցքը անյայտ ժամանակով կը փակուի:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի փաստաբանը յայտարարեց, որ Մուպարաք յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին ազատ կրնայ արձակուիլ, որովհետեւ փտածութեան դատին մէջ անպարտ հռչակուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )