Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ այսօր պիտի գումարէ օրէնսդրական իր նիստը, որուն հրաւիրած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Նշենք, որ նիստին քննարկելիք օրակարգը կը բաղկանայ 45 կէտերէ, իսկ նախապէս օրէնսդրական այս նիստը երեք անգամ յետաձգուած էր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Ռուէյսի մէջ արձանագրուած պայթումը կը փաստէ, որ Լիբանանի մէջ յարանուանական գրգռութիւններու հրահրումը տակաւին ընթացքի մէջ է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար, դատաւոր Սամիր Համմուտը եւ Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտան, որոնց հետ քննարկեց դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնի փոխարինող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս ընդունեց երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Ռուէյսը թիրախ դարձուցած ականահարումը շիի համայնքին դէմ չէ ուղղուած, այլեւ` բոլոր լիբանանցիներուն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կրնայ շրջանցել այս հանգրուանն ու ապահովական իրադարձութիւնները:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք յայտնեց, որ բացայայտուած են անձնական եւ պետական դպրոցներու մէջ դասաւանդող հինգ ուսուցիչներ, որոնք կեղծած են պետական քննութիւններուն արդիւնքները:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ այս ամսուան աւարտին կառավարութիւն մը կազմուի:
«ԺԻՀԱՏ ՊԻՆԱ» հաստատութիւնը արդէն իսկ սկսած է Ռուէյսի պայթումէն վնասուած շէնքերու վերանորոգման:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը կրցաւ բանալ Հալպայի ճամբան, որ փակուած էր շրջանին բնակչութեան կողմէ` իբրեւ բողոք նախանցեալ գիշեր նոյն ճամբուն վրայ ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացած զինուորի մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելու Հըզպալլայի որոշումը ոչ միայն սխալ է, այլեւ` մեղք:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ շրջանը զբաղեցնելը կը միտի շրջանին մէջ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ ընթացող բանակցութիւններէն ուշադրութիւնը շեղել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանան անդունդն ի վար սկսած է գլորիլ այն վայրկեանէն, երբ Հըզպալլա որոշեց մասնակցիլ Սուրիոյ պատերազմին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անթուան Սաատ յայտնեց, որ Հըզպալլա Սուրիա կ՛ուղղուի` օժանդակելու համար սուրիական վարչակարգին եւ ոչ թէ ուրիշը անհաւատ նկատող կողմերուն դէմ կռուելու:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն մը կազմել, որովհետեւ քաղաքական բոլոր ուժերը կը մնան իրենց կեցուածքներուն վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որուն հիմնական առաքելութիւնը ըլլայ ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Արապ» օրաթերթին համաձայն, ահաբեկչական բռնարարքները դարձած են լիբանանեան իրականութեան անմասնատելի մէկ բաժինը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա արդէն իսկ մոռցած է Իսրայէլի դիմադրելու իր դերակատարութիւնը եւ սուզուած է ներքին լիբանանեան հարցերուն մէջ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի միասնականութեան կոչ ուղղեց, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Լիբանանը հարուածող ոճրային ծրագիրներուն միասնականութեամբ դիմադրելու անհրաժեշտութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կը գիտակցի, թէ երկիրը ի՛նչ լուրջ ծուղակի մէջ կը գտնուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ իրենք ձախողեցուցած են 7 մայիսը, իսկ Լեռնալիբանանը բոլորին համար Կարմիր գիծ մըն է:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուները շեշտած են, որ Լիբանանը յուզող ներկայ պայմանները կ՛ենթադրեն ամէնէն մօտիկ ապագային դիւրացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ռուսական աղբիւրներէ, նշած է, որ ականուած ինքնաշարժներուն գոյութիւնը կը փաստէ, թէ Լիբանանը պաշտօնապէս անապահով երկիր է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ կոչ ուղղեց բոլորին չարտօնելու, որ ուրիշը անհաւատ նկատող ուժերը Լիբանանը նոր Իրաքի մը վերածեն:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ կոչ ուղղեց կազմելու լիբանանեան քաղաքական ուժերը միաւորող կառավարութիւն մը. ան աւելցուց, որ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու մասին կատարուած յայտարարութիւնները անհեթեթ են:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը հարուածելու արարքներուն դէմ խիստ վերաբերմունք պէտք է ցուցաբերուի: