Առեւանգուած Թուրք Քաղաքացիներուն Փնտռտուքը Կատարեալ Լռութեամբ Կը Շարունակուի

Լիբանանի մէջ թուրք օդաչուին եւ անոր օգնականին առեւանգման թղթածրարին հետապնդումն ու առեւանգուածները ազատ արձակելու հարցը կատարեալ լռութեամբ կը շարունակուի:

Այս շրջագիծին մէջ, ներքին ապահովութեան ուժերու մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ թուրք օդաչուն եւ անոր օգնականը առեւանգելու յանցանքով ձերբակալուած կասկածելիները հարցաքննութեան ընթացքին առեւանգումի գործողութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցած են:

Միւս կողմէ, սակայն, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թուրք օդաչուն կը գտնուի Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ, իսկ անոր օգնականը` հարաւային Լիբանանի Զաութար գիւղաքաղաքին մէջ:

Նշենք նաեւ, որ այլ թուրք օդաչու մը մերժեց Պոլիս-Պէյրութ թռիչքը վարել` բողոքելով Լիբանանի մէջ իր պաշտօնակիցները առեւանգելու արարքին դէմ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )