Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Կը Հրապարակէ Երկու Կասկածելիներու Լուսանկարները

Կասկածելիներ Մոհամետ Քասեմ Ահմետ եւ Սայիտ Մոհամետ Պահրի

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ըստ իրենց հասած տեղեկութիւններուն եւ երկրին ապահովական այլ կառոյցներուն հետ համագործակցելէ ետք, Զինուորական ատեանին հսկողութեամբ գրաւուած է «Օտի» տիպի ինքնաշարժը, որ կը պարունակէր 250 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ, ինչպէս նաեւ ձերբակալուած է լիբանանցի մը, որուն անուան սկզբնատառերն են` Թ. Թ. եւ երկու պաղեստինցիներ, որոնք ծանօթ են իբրեւ Ապու Եուսեֆ եւ անոր եղբայրը:

Վերոնշեալ անձերը արգելափակուած կը մնան եւ հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին իբրեւ ահաբեկչական ցանցի մաս կազմող եւ ահաբեկչութիւններ գործող կասկածելիներ, որոնք նաեւ կը միտէին Նաամէի մէջ բացայայտուած ինքնաշարժը պայթեցնել:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ներկայիս ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը հետապնդէ ահաբեկչական ցանցին մաս կազմող երկու այլ կասկածելիներ, որոնք են` Մոհամետ Քասեմ Ահմետ (լիբանանցի, ծնեալ` 1983-ին, Նաամէի բնակիչ) եւ Սայիտ Մոհամետ Պահրի (լիբանանցի, ծնեալ` 1985-ին, Տաուհաթ Արամունի բնակիչ):

Նշեալ կասկածելիները ձերբակալելու նպատակով, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը որոշեց հրապարակել անոնց լուսանկարներն ու անունները եւ պահանջեց քաղաքացիներէն, որ անոնց ծանօթանալու պարագային ուղղուին ամէնէն մօտիկ ոստիկանատունը եւ կամ կապուիլ 01/612401 թիւին, պայմանաւ որ անոնց վկայութիւնը ըլլայ գաղտնի:

Ըստ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին, Նաամէի մէջ գրաւուած ինքնաշարժը պիտի ականահարէր Դիմադրութեան համակիրներով բնակուած շրջան մը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )