ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան, Յովհաննէս Թասլաքեան,  Աւետիս Կիտանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Պէյթէտտինի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )