Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը Պատրաստ Է Օգնելու Հայաստանի Կենսոլորտի Միջավայրի Պահպանման
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաւատարիմ է կենսոլորտի պահպանութեան իմաստով Հայաստանի հետ համագործակցութեան: Իր տեսապլոկին վրայ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն:
Կենսոլորտի պահպանութեան նուիրուած տեսանիւթին մէջ դեսպան Հեֆըրն պատմած է հայ գեղանկարիչներու եւ լուսանկարիչներու շրջանակին համար Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կազմակերպած մրցումին մասին:
Դեսպանատունը ստացած է Հայաստանի բնապատկերներով 300-է աւելի գեղանկարներ, որոնցմէ 24-ը աւելի ուշ պիտի տպագրուին պաստառներու վրայ եւ տեղադրուին դեսպանատան արտաքին պատերուն վրայ:
«Առողջ միջավայրի, բնազբօսաշրջութեան եւ բնութենականօրէն անվնաս տնտեսական աճի խթանման միջոցով մենք պատրաստ ենք օգնելու Հայաստանին, որպէսզի վերջինս յաջողութիւններու հասնի: Մենք կը ձգտինք գտնել նոր կարելիութիւններ ու մասնաւոր եւ հանրային հատուածի գործընկերներուն հետ պահպանել ու ծանուցել Հայաստանի անզուգական բնութիւնը», յայտնած է դեսպանը:
Ճոն Հեֆըրն համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնած է «Արմինիա թրի փրոճեքթ» կազմակերպութեան եւ Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու հիմնարկին:


