Պոլսոյ Մէջ Տպագրուած Է Հայ Համայնքին Եւ Եկեղեցւոյ Պատկանող Գոյքի Ցանկը

Ռուբէն Մելքոնեան

Շուրջ մէկ տարի առաջ Պոլսոյ մէջ հայ եւ թուրք մտաւորականներու եւ գիտնականներու ջանքերով` սահմանափակ տպաքանակով տպագրուած է հազար էջնոց աշխատութիւն մը, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մինչեւ 1915 եւ 1936-ի կալուածներու մասին յայտնի օրէնքով հայ համայնքին ու հայ եկեղեցւոյ պատկանող գոյքի ցանկ է:

Երեւանի պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Ռուբէն Մելքոնեան յայտնած է, որ ինք գիրքէն մէկ օրինակ ունի, սակայն Հայաստանի մէջ այդ գիրքէն չկայ, իսկ Թուրքիոյ մէջ կարելի է գտնել դժուարութեամբ, որովհետեւ նախ շատ սուղ է, ապա տպագրուած է սահմանափակ տպաքանակով:

«Մանրամասնութեամբ ամէն ինչ նշուած է` սկսեալ սեփականութեան իրաւունքներու ձեւերէն, սեփականութեան վկայականներով ու նոյնիսկ` պատճէններով», ըսաւ Ռուբէն Մելքոնեան:

Ըստ անոր, եկեղեցապատկան ու հայ համայնքին պատկանող գոյքի ընդհանուր նիւթական արժէքը չէ հաշուըուած, որովհետեւ ատիկա աւելի տնտեսագիտական խնդիր է:

Բայց եւ այնպէս, պատմաբանը նշած է, որ «մասնաւորաբար, եթէ գոյքը մինչեւ 1936 եղած է հայ համայնքի ձեռքը, պէտք է հաշուարկուի, թէ այդ տասնամեակներուն ընթացքին այդ կալուածներու տարածքը ի՞նչ եկամուտ կրնար բերել»:

Ըստ անոր, այսօր Պոլսոյ կեդրոնին մէջ գտնուող բաւական շատ շէնքեր պատկանած են հայերուն եւ նոյնն ալ Մարմարա ծովուն աւազանին մէջ` յունական համայնքներուն:

«Եւ այսօր այդ շէնքերը, որոնք խլուած են հայ եւ յոյն համայնքներէն, հիմնականին մէջ կը ծառայեն իբրեւ թանկարժէք պանդոկներ ու խանութներ: Եւ յստակ է, որ Պոլսոյ կեդրոնին մէջ ի՛նչ շուկայական արժէք պիտի ունենայ մէկ քառակուսի մեթրի վաճառքը կամ վարձակալութիւնը», նշած է ան:

Ըստ պատմաբանին, ներկայիս Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ կը քննուին քանի մը տասնեակ գործեր, որոնք կ՛առնչուին հայերուն եւ յոյներուն պատկանող գոյքերը իրենց իրաւատէրերուն վերադարձնելու` Թուրքիոյ դէմ ներկայացուած հայցերուն:

«Արդէն իսկ եղած է քանի մը դատական որոշում, ըստ որոնց այդ գոյքը մասնակի կերպով կը վերադարձուի հայ եւ յոյն համայնքներուն», ըսած է Մելքոնեան:

Յիշեցնենք, որ վերջերս ի յայտ եկաւ, որ համացանցի «իՊէյ» կայքէջին վրայ աճուրդի հանուած է Մշոյ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ պատկանող խաչը` 70 հազար տոլարի գինով:

Ըստ պատմաբանին, Թուրքիոյ տարածքին մէջ Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցապատկան գոյքը ամբողջութեամբ թալանուած է` քանի մը փուլերով:

«Ճիշդ 1915-էն ետք, պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան գոյքը ամբողջութեամբ խլուած են Հայ առաքելական եկեղեցիէն եւ հայ համայնքէն ու բաժնուած են տեղւոյն մահմետական բնակիչներուն` քիւրտերուն ու թուրքերուն կամ ալ պետականացուելով օգտագործուած են պետական տարբեր հաստատութիւններու համար` իբրեւ պահեստանոց, զինապահեստանոց», ըսած է Մելքոնեան:

Ըստ անոր, Թուրքիոյ մէջ հայերուն, յոյներուն եւ անոնց եկեղեցիներուն պատկանող տարածքին մէջ գոյքը եւ միւս սեփականութիւնները յաջորդ փուլին թալանուած են 1936-ին` Թուրքիոյ մէջ որդեգրուած համապատասխան` «Կալուածներու մասին օրէնքով»:

Ինչ կը վերաբերի եկեղեցիներուն ու հոգեւոր կեդրոններուն, ապա, ըստ Ռուբէն Մելքոնեանի, հակառակ անոր որ մինչեւ 1915-ը Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիները կը պատկանէին Պոլսոյ պատրիարքութեան, այսօր պատրիարքարանը իր տրամադրութեան տակ ունի ընդամէնը 42 եկեղեցի, որոնցմէ 36-ը կը գտնուին Պոլսոյ մէջ: Նախապէս այդ եկեղեցիներուն թիւը եղած է 2000. եկեղեցիներ, վանքեր, մենաստաններ:

«Ասիկա մշակուած յստակ քաղաքականութիւն է` բուն հայկական տարածքներուն մէջ հայկական ներկայութիւնը ի սպառ ոչնչացնելու ուղղութեամբ», մեկնաբանած է գիտնականը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES