Հայաստան Ձեռք Բերած Է Չինական «Էյ. Ար. 1 Էյ.» Հրթիռային Համալիրներ
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի զինեալ ուժերը համալրուած են համազարկային կրակի հրթիռային նոր համալիրներով, որոնց հեռահարութիւնը կը հասնի մինչեւ 130 քիլոմեթրի:
Սակայն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի աղբիւրները չեն նշեր համալիրներուն յստակ թիւը` աւելցնելով, թէ խօսքը չինական արտադրութեան «Էյ. Ար. 1 Էյ.» համալիրներու մասին է, որոնք կը նկատուին ռուսական նմանատիպ «Սմերչ» համալիրներու արդիականացուած տարբերակը, աւելի հեռահար են, քան «Սմերչ»-ները, եւ որոնց մշակման գործին մէջ իրենց մասնակցութիւնը ունեցած են նաեւ Ռուսիոյ զինուորական-արդիւնաբերութեան համալիրի ձեռնարկութիւնները:
Նշենք, որ վերջերս յայտնի դարձաւ, որ Ազրպէյճան Ռուսիայէն ձեռք բերած է «Սմերչ» համալիրներ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին պատասխանելով` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ո՛չ հաստատեց, ո՛չ ալ հերքեց «Էյ. Ար. 1 Էյ.» նոր համալիրներու ձեռքբերման մասին տեղեկութիւնը:
«Հայաստանի զինեալ ուժերը մշտապէս կը համալրուին նորագոյն զինատեսակներով եւ կը բարձրացնեն մարտունակութիւնը: Այդ ձեռքբերումներուն մասին հանրութիւնը կ՛իրազեկուի պարբերաբար: Մենք ունինք համալրման եւ ձեռքբերումներու մեր յստակ ծրագիրները եւ կը հետեւինք անոնց», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան բազմիցս յայտարարած էր, թէ նոր սպառազինութիւններու ձեռք բերման գործին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շեշտը պիտի դնէ հեռահար եւ ճշգրիտ համակարգերուն վրայ:

