Զուիցերիոյ Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նախագահ Սարգսեանին
Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ նոր նշանակուած դեսպան Լուքաս Կասեր:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց դեսպանը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը իրականացնելու գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ բարեկամ Զուիցերիոյ հետ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան շարունակականութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ` թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ բազմակողմանի ձեւաչափերով, եւ պատրաստակամ է քայլերու ձեռնարկելու այդ համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսեցան Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի միջպետական յարաբերութիւններուն մասին, որոնք վերջին տարիներուն կը զարգանան փոխադարձ այցելութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային տարբեր բեմերու վրայ համագործակցութեան միջոցով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ դեսպան Լուքաս Կասեր հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային խնդիրներուն վերաբերող հարցերու շուրջ: