Հունթելաար Շաբաթներով Բացակայ
«Պունտըսլիկա»-ի խումբերէն Շալքէի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին հոլանտացի յառաջապահ Քլաաս-Եան Հունթելաար, որ նախորդ շաբաթավերջին Վոլֆսպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուեցաւ, շաբաթներով հեռու պիտի մնայ ֆութպոլի դաշտերէն:
30 տարեկան Հունթելաար ծանր կերպով վիրաւորեց իր աջ ծունկը, երբ բախում ունեցաւ մրցակիցի բերդապահ Տիեկօ Պենակլիոյի հետ:
Նշենք, որ ան երկու տարեշրջան առաջ «Պունտըսլիկա»-ի կոլսքորըրն էր իր նշանակած 29 կոլով:
CATEGORIES Մարզական

