Պլան Հիասթափուած Է Կէտերու Կորուստով

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Լորան Պլան պարզաբանած է այն հանգամանքները, որոնց պատճառով իր կազմը անգամ մը եւս չյաջողեցաւ յաղթանակ արձանագրել, երբ այս անգամ եւս հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աժաքսիոյի հետ (1-1):

Իր լուրը քաղելով Goal.com-էն` ArmSport կը մէջբերէ Պլանի կատարած յայտարարութիւնը. «Իրականութիւնը այն է, որ մենք ամբողջութեամբ պատրաստ չենք նոր տարեշրջանին: Մենք մեծապէս հիասթափուած ենք կէտերու կորուստով, որովհետեւ իրականութեան մէջ արժանի էինք յաղթանակի: Բաղդատմամբ Ա. կիսախաղին, աւելի լաւ ներկայացում կատարեցինք Բ. կիսախաղին: Կը յուսամ, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն բարելաւուի մեր մարզիկներուն խաղարկութիւնը եւ աւելի շատ կոլեր նշանակենք»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )