Ուրուկուէյի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Գեւքէօզեանի Տուպլէն Յաղթանակ Պարգեւեց Ալիանզայի
Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ալիանզա Լիմա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լէոնին, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին 5-րդ եւ 6-րդ վայրկեաններուն, Ալիանզայի կազմէն կոլերու հեղինակ դարձաւ ուրուկուէյահայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւքէօզեան` կերտելով իր կազմին յաղթանակը, կը յայտնէ ArmSport.am: Մրցակից կազմը իր միակ կոլը նշանակեց 36-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Ալիանզա բարձրացաւ 4-րդ դիրք:
CATEGORIES Մարզական

