ՆԻՍԹԸԼՐՈՒՅ ՄԻԱՑԱՒ ՄԱԼԱԿԱՅԻ

Ռուտ Վան Նիսթըլրույ

Հոլանտացի միջազգային յառաջապահ Ռուտ Վան Նիսթըլրույ իր ակումբը` Համպուրկը լքելով միացաւ Մալակայի` մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք սպանական կազմին հետ:

34 տարեկան Նիսթըլրույ, որ բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք ստորագրեց իր պայմանագրութիւնը, այսպիսով 18 ամսուան բացակայութենէ մը ետք դարձեալ կը վերադառնայ սպանական դաշտերը:

Նիսթըլրույ, որ Փ. Ս. Վ. Այնտհովընի, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ռէալ Մատրիտի հետ ախոյեանութեան տիտղոսներու տիրացած է, իր երկրի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ նշանակած է 34 միջազգային կոլ:

Նշենք, որ նախորդ տարի Մալական գնեց քաթարցի մեծահարուստ ընտանիք մը:

Share this Article
CATEGORIES