ՄԱՐԶԻՉ ՀԻՈՒՃ ԼՔԵՑ ՖՈՒԼՀԵՄԸ

Մարք Հիուճ

Մէկ տարի Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի կազմերէն Ֆուլհեմի մարզիչի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Մարք Հիուճ ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ:

43 մրցումի ընթացքին խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած կալեսցի Հիուճ այս ամսուան վերջը պիտի հեռանայ կազմէն, երբ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը պաշտօնապէս աւարտի լոնտոնեան կազմին հետ:

Այժմ 47 տարեկան Հիուճ նախապէս իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Մանչեսթըր Եունայթըտի, Պարսելոնայի եւ Չելսիի նման անուանի ակումբներու:

Կը կարծուի, որ նախապէս Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած Հիուճ պիտի նշանակուի Ասթոն Վիլայի մարզիչ:

Share this Article
CATEGORIES