ԱՐԶԻ 20-ՐԴ ՌԵԼԻ. ՌՈԺԷ ՖԸՂԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

PROFOTO

Արզի 20-րդ ռելին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, աւարտեցաւ փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալիի յաղթանակով. ան իրեն օգնական ունէր Ժոզեֆ Մաթարը:

Նշենք, որ այս ռելին կազմակերպուած էր Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կողմէ եւ կը վայելէ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հովանաւորութիւնը:

Արզի այս ռելիին, որ Լիբանանի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումն է, եւ անոր ընդհանուր երկարութիւնն է 343,92 քմ, Ֆըղալի իր ինքնաշարժին` Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-10-ի հետ արձանագրեց 1 ժամ 12′ 43″ արդիւնք մը:

Ան չորս վայրկեան առաւելութեամբ գերազանցեց Նիքոլա Ճիորճիոն, որուն օգնականն էր իտալացի Նիքոլա Արինա: Երրորդ դիրքը գրաւեց Նիքոլա Ամիունի (անոր օգնականը` Շետի Պէյրութի), որ արձանագրեց 1 ժամ 17′ 13″ արդիւնք մը:

Նշենք, որ ամպոտ եւ քիչ մը մշուշոտ կլիմայի պայմաններուն մէջ տեղի ունեցած այս ռելիին մասնակցող 26 ինքնաշարժներէն 18-ն միայն յաջողեցան հասնիլ ժամանման գիծ:

Ռելիին աւարտին Արզի մէջ գտնուող «Սետրիւս» պանդոկին դիմաց տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ «Սետրիւս» պանդոկին սեփականատիրոջ` Մանսուր Ռահմէի: Ներկայ էին նաեւ զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչը` գնդ. Մոհամետ Խէյր, Պշարրէի քաղաքապետ Անթուան Թոք եւ այլ հրաւիրեալներ:

 

Share this Article
CATEGORIES